Երիտասարդական Ոսպնեակ. Որպէսզի Հայու Սիրտն Ու Միտքը Ա՛լ Դադրի Արցունքոտելէ (Քեսապահայութեան)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

10153028_Սովորաբար մարդկային աչքերն են, որոնք կը տամկանան, կը ջրոտին, արցունքի կայլակներ կ՛արձակեն` ցաւի, տառապանքի թէ ուրախութեան իբրեւ բնական հակազդեցութիւն:

Սակայն, վերջին օրերու չարաբաստիկ լուրերուն զուգահեռ, ինչպիսի՛ անսովոր բան պատահեցաւ հայոց ժամանակակից կեանքի թաւալքին առընթեր, որ այսքան դաժանութեամբ իր անդրադարձը ունեցաւ հայ իրականութեան վրայ, որուն իբրեւ հակազդեցութիւն, այս անգամ  սիրտերն ու միտքերը դառնօրէն արցունքոտեցան` պատճառ դառնալով մե՛րթ ընդվզումի, մե՛րթ ցասումի եւ շատ անգամ խայտաբղէտ մեկնաբանութիւններու:

Կարծես պահ մը մոռացութեան տրուեցաւ սուրիահայութեան ապրած պատերազմական դաժան ու ահաւոր օրագրութիւնը, եւ ականատես եղանք խորշակային այնպիսի վիճակ¬կացութեան մը, որ փուլ տուաւ հաւաքականութեան մը մտածումի առաջնորդող տարրական միջոցներն անգամ` պատճառ դառնալով հոգեկան աշխարհի մասնատման, շփոթի ու խուճապի ստեղծման, բայց մանաւանդ տեղի ու անտեղի կարծիքներու, համոզումներու եւ մօտեցումներու բարձրաձայնումին:

Հոս, պատեհ չէ վերջին օրերու հայ թէ օտար տարբեր լրատուական վերլուծութիւններու մասին տեսակէտ արձանագրել կամ կարծիք յայտնել, որովհետեւ ճգնաժամի, օրհասի թէ աղէտաբեր պահերու ընթացքին, երբ ժողովուրդ մը ամբողջ կ՛ապրի իր գողգոթան, ի՛նչ բանի կը ծառայեն հնաբոյր յորդորներն ու հոսհոսի մտմտուքները:

Իսկ դառնութեան կիզակէ՞տը` երբեմնի հայկական Կիլիկիոյ աւաններէն Քեսապի հայութեան տեղահանումն է, բնաւեր վիճակի ու քանդումի անակնկալ կացութիւնն ու պատերազմական վիճակը:

Հակառակ այն իրողութեան որ յարձակումը կը կատարուէր վայրագ ու բարբարոս զինեալներու կողմէ, բարեբախտաբար, պարտադրուած այս քաոսին մէջ, անակնկալի եկած մեր ժողովուրդը` մազապուրծ կրցաւ ճողոպրիլ ստոյգ ջարդերէ:

Ճիշդ է, որ հետագայ օրերու ընթացքին պիտի յստականան բազմաթիւ ճշմարտութիւններ, եւ երեւան պիտի ելլեն կատարուածին ահագնութիւնն ու տարողութիւնը, այսուհանդերձ, ճգնաժամի թէ կացութեան լրջութեան այս վայրկեաններուն, համազգային կեցուածքի ու գործի առաջնահերթութիւնն է կարեւոր, հասնելու աղէտահար մեր ժողովուրդին:

Քաղաքական, գաղափարական թէ բարոյախօսական անտեղի վերլուծութիւններէ ձերբազատ, հարկաւոր է շուտափոյթ լծուիլ առաջին հերթին  համաժողովրդային  կարեկցանքի, իրերօգնութեան թէ աջակցութեան արշաւի, ապա` հայ պետական մակարդակի որոշիչ եւ նպատակաուղղուած բազմաոլորտ աշխատանքի ձեռնարկումին:

Որովհետեւ, սուրիահայութեան վիճակուած զազիր պատերազմի առընթեր, ահաւասիկ, ականատես կը դառնանք հրէշային այլ ծրագիրի մը իրականացումին` հայրենամերձ վերջին դարպասի մը անճիտումին եւ աւերումին:

Կրկին անգամ, պատմութեան դարանակալ քմայքին զոհն է հայութեան այս մասնիկը, որուն գէթ անմիջական ցաւերուն եւ տառապանքին բալասան պէտք է ըլլանք ազգովին, առանց բացառութեան:

Այլ ասած, նորովի աշխարհաքաղաքական խօլ մրցակցութիւններու եւ համայնակուլ բիրտ արշաւներու զոհեր են փոքր հաւաքականութիւններ թէ պետութիւններ անգամ` ժողովրդագրական, ընկերային թէ տնտեսական քարտէսագրութիւններու իբրեւ հետեւանք:

Այնուամենայնիւ, նմանօրինակ ստեղծուած կացութիւններու թէ պատերազմական վիճակներու քաջածանօթ հայութեան կը մնայ վերանորոգուիլ եւ ինքնահաստատօրէն տրամադրուիլ յաղթահարելու համար ճգնաժամը, հոգեզինուիլ եւ առանց երկմտանքի կողմնորոշուիլ` փրկութեան հասնելու քեսապահութեան, պաշտպանելու համար մեր հայրենակիցները եւ պահպանելու անոնց արժանապատուութիւնը:

Ասդին ու անդին, լսողաց ենք, թէ հայութիւնը պէտք է այս հանգրուանին ըլլայ հեռատես ու լրջախոհ, կշռադատէ ըսլիքն ու ընելիքը, չունենայ բնազդային հակազդեցութիւն, չտարուի շրջապատի ազդակներէ, ըլլայ աչալուրջ եւ պահպանէ չէզոքութիւն մը, որպէսզի նուազագոյն կորուստով դուրս գայ հրէշային յորձանուտէն:

Այս առումով, կա՞յ հայ մը, որ համամիտ չըլլայ մատնանշումին եւ կամ տարակարծիք` այսպէս ասած բանաձեւումին, ուր շեշտը առաւելաբար կը դրուի հայութեան անվտանգութեան եւ ֆիզիքական գոյութեան պահպանումին վրայ: Ո՛չ, երբեք:

Սակայն, ի՛նչ բան կ՛արգիլէ ինքնապաշտպանական միջոցառումի թէ գոյութենական պայքարի մեր դարաւոր էութեան, համոզումին թէ հաւատամքին բոցկլտումը վերաջրդեղել` մենք մեզ պաշտպանելու ստոյգ մահավճիռէ եւ թրքատիպ յարձակումներէ:

Հայոց քաղաքական, ժողովրդագրական թէ պատմական ո՞ր հանգրուանին ունեցեր ենք նպաստաւոր պահեր, պարտադրելու մեր քաղաքական կեցուածքները, այլապէս ունենալու մեր խաղը, որպէս ինքնուրոյն եւ որոշիչ դերակատար, որ, այսօր, մենք մեզի նման վիճակներ կը պարտադրենք:

Այլ խօսքով, ի՛նչ բանի կը ծառայեն «հեռատես»¬ի եւ «ողջախոհ»¬ի ամուլ բարբաջանքներ, երբ հայաւան մը ամբողջ կ՛ենթարկուի բնաջինջ քաղաքականութեան եւ ահաւոր կործանումի:

Աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր, որ ստեղծուած ճգնաժամերու թէ քաղաքական օրհասներու ընթացքին, սփիւռքացած ժողովուրդի մը համար` որդեգրուէր համազգային տարողութեամբ ինքնապաշտպանական կուռ համակարգ` վնասազերծելու հաւանական ամէն նկրտում եւ բարբարոս վերաբերում:

Տարուած պէս-պէս քաղաքական ու գաղափարական մտմտուքներէ, ինչո՛ւ կը շեշտուի չէզոքութիւնը, երբ զազիր թշնամի թուրքին դէմ յանդիման է մասնիկ մը հայութիւն, որ դեռ երէկ լեռներուն թառած խաղաղօրէն կ՛ապրէր  իր կեանքը:

Մենք մեզի հարց տուա՞ծ ենք, թէ ինչո՛ւ անակնակալի ենք եկած յաճախ, խուճապի մատնուած եւ շատ սուղ գին վճարած, երբ գիտակից ենք այն իրողութեան, որ կ՛ապրինք հորդաններով եւ մարդակերպ գազաններով լեցուն շրջապատի մը մէջ միանգամայն:

Հայութիւնը երբեւէ ծանր կորուստներ ունեցա՞ծ է, երբ եղած է աւելի քան միասնակամ ու խոհական, վճռորոշ եւ մտածողութեամբ համայնական: Աւելի՛ն. ի՛նչ բան մեզ կ՛արգելակէր ունենալու համայնական ինքնապաշտպանութեան այնպիսի համակարգեր, որոնցմով պիտի կարենայինք մօտիկ անցեալին, թէ այսօր, պայծառամտութեամբ ղեկավարելու հայութիւնը սփիւռքի տարածքին:

Արկածախնդրութենէ զերծ մնալու ամէն հրաւէր, իր մէջ պէտք է ներառէ այլընտրանքային ճանապարհներու հաստատագրում, որպէսզի տրամաբանութեան եւ հաւասարակշիռ կեանքի փայլքով պարուրենք մեր ժողովուրդի առօրեան:

Եղերամայրերու հոգեկանութենէ ձերբազատ, գէթ այս հանգրուանի իմաստութիւն նկատենք` համազգային ինքնապաշտպանութեան հրամայականը բոլոր մակարդակներու վրայ եւ բնագաւառներու մէջ, յանուն սուրիահայութեան ընդհանրապէս, եւ քեսապահայութեան ի մասնաւորի:

Որպէսզի գալիք սերունդներու ժառանգենք ինքնապաշտպանութեան հրայրքի առողջ բնազդը, պարտինք վերաջրդեղել Քեսապի լեռներու վրայ դիմադրական ուժի հասկացողութիւնը եւ պատուով արձանագրենք հայոց վերապրումի խորհուրդը:

Մինչ այդ, անմնացորդ  լծուինք քեսապահութեան օգնութեան եւ ապաւէն դառնանք անոնց գոյութենական պայքարին:

 

Share this Article
CATEGORIES