Ըստ «Աֆթենփոսթըն»-ի. Նորվեկիոյ Նախկին Վարչապետը Պիտի Փոխարինէ Ռասմուսենը

Սթոլթենպերկ եւ Ռասմուսեն
«Վրեմիա»` վկայակոչելով նորվեկիական «Աֆթենփոսթըն» թերթը, կը հաղորդէ, որ Նորվեկիոյ նախկին վարչապետ Ենս Սթոլթենպերկ մօտիկ ապագային կրնայ յայտարարուիլ իբրեւ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենի յաջորդը:
Անոր թեկնածութեան աջակցած են Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ նախկին վարչապետին կ՛աջակցի նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա:
Ռասմուսենի լիազօրութիւններու ժամկէտը կը լրանայ 30 սեպտեմբերին: Դաշինքի ղեկավարութիւնը մտադիր է ներկայ ընդհանուր քարտուղարի յաջորդին նշանակումը կատարել մինչեւ Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւնները, որոնք նախատեսուած են մայիս ամսուան վերջաւորութեան:
CATEGORIES Միջազգային

