Մետվետեւ Խրիմ Այցելեց
Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ երէկ այցելած է Խրիմ: Խրիմի` Ուքրանիայէն անջատուելէն եւ Ռուսիոյ միանալէն ետք, ան թերակղզի այցելող ամէնէն բարձրաստիճան ռուս պաշտօնատարն է:
Մետվետեւ ռուս նախարարներու պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով այցելած է Խրիմի մայրաքաղաքը` Սիմֆերոփոլ: Ան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է, որ ռուսական կառավարութիւնը այդտեղ հանդիպում պիտի ունենայ` թերակղզիին մէջ զարգացումները քննարկելու համար:
Մետվետեւ ըսած է, որ Խրիմի մէջ ոչ ոք պէտք է Ռուսիոյ միացումէն որեւէ բան կորսնցնէ` աւելցնելով, որ հանգստեան թոշակներն ու պետական մարզի պաշտօնեաներուն ամսականները պիտի բարձրացուին:
Կառավարութիւնը նաեւ Խրիմի բնակիչներուն համար առողջապահական ապահովագրութիւն եւ դպրոցներու մէջ ռուսական կրթական արժէչափերու ապահովում յայտարարած է:
Լաւրով–Քերրի Հանդիպում
Մէկ օր առաջ Փարիզի մէջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Ճոն Քերրիի միջեւ չորս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Քերրի յայտարարեց, որ «անկեղծ» քննարկում տեղի ունեցած է` աւելցնելով, որ ինք իր պաշտօնակիցին յայտնած է, որ Ուաշինկթըն տակաւին Խրիմի կցումը «հակաօրինական եւ ապօրինի» կը նկատէ: Ան շեշտած է, որ առանց Քիեւի մասնակցութեան Ուքրանիոյ ապագային վերաբերող որեւէ որոշում կարելի չէ որդեգրել:
Լաւրով նախքան հանդիպումը առաջարկած էր Ուքրանիան վերածել չէզոք եւ դաշնակցային պետութեան մը:
Քերրի նաեւ «խոր մտահոգութիւն» յայտնած է Ուքրանիոյ սահմանին վրայ ռուսական ուժերու ներկայութեան առնչութեամբ: Ան ըսած է, որ երկու երկիրները տագնապի ստեղծման պատճառ դարձած իրադարձութեանց շուրջ տարակարծիք են, սակայն «երկուքս ալ դիւանագիտական լուծում մը գտնելու կարեւորութեան կը գիտակցինք»:
Քերրի յայտնած է, որ երկու երկիրները ուքրանական կառավարութեան հետ պիտի աշխատին իրագործելու համար առաջնահերթութիւններ, ինչպէս` լեզուի իրաւունքներ, «ոչ կանոնաւոր ուժերու եւ գրգռիչներու» ապազինում եւ սահմանադրութեան բարեփոխում:
Լաւրով անջատ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ իրենք համաձայնութիւն գոյացուցած են ուքրանական կառավարութեան հետ` աշխատանք տանելու ռուսախօս ուքրանացիներու իրաւունքներուն բարելաւման եւ «ոչ կանոնաւոր ուժերը եւ գրգռիչները» ապազինելու համար:

