Խրիմի Թաթարներու Ինքնակառավարման Մարմինը ՄԱԿ-ին Կոչ Պիտի Ուղղէ` Պաշտպանելու Խրիմի Թաթար Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքը
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Խրիմի թաթարներու ազգային ինքնակառավարման մարմինը որոշած է դիմել միջազգային կազմակերպութիւններուն` խնդրելով աջակցիլ ազգային ինքնավարութիւն ունենալու` թաթար ժողովուրդի իրաւունքին իրագործման: Որոշումին թեր քուէարկած են ոչ պաշտօնական խորհրդարանի 2017 անդամներէն 212-ը:
«Խրիմի թաթար ժողովուրդի ազգային ինքնակառավարման մարմինը(քուրուլթայ) կը դիմէ ՄԱԿ-ին, Եւրոպական խորհուրդին, Եւրոպական Միութեան, ԵԱՀԿ-ին, Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան, պետութիւններու խորհրդարաններուն եւ կառավարութիւններուն` կոչ ուղղելով պաշտպանելու Խրիմի թաթար ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը` խրիմեան թաթարներու` Խրիմի իրենց պատմական տարածքին մէջ ազգային-տարածքային ինքնավարութեան տեսքով», կ՛ըսուի որոշումի բնագիրին մէջ:
CATEGORIES Միջազգային

