«ՄԵՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆՆ Է ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՎՏԱՆԳՆԵՐԷ ՀԵՌՈՒ ՊԱՀԵԼ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՖԱՅԵԶ ՂՈՍԸՆ
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք հեռաձայնային հաղորդակցութեան միջոցով կամ այցելութեամբ շնորհաւորեցին զինք` իր նախարար նշանակուելուն առիթով:
Ան հաստատեց, որ իրենք ստանձնած են ազգային պարտականութիւն մը, որուն ծիրին մէջ պիտի գործեն եւ երկիրը հեռու պիտի պահեն վտանգներէ:
«Մենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք, որպէսզի Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանուի եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը անխախտ մնայ», ըսաւ Ղոսըն:
Պաշտպանութեան նախարարը շեշտեց, որ Լիբանան այս ժամանակաշրջանին կը գտնուի անկիւնադարձային հանգրուանի մը առջեւ եւ պէտք է զայն փրկել վտանգներէն ու փորձանքներէն, որոնք կը սպառնան անոր: «Հետեւաբար, մենք ազնուական վերաբերում պիտի ցուցաբերենք եւ ոչ թէ վրիժառու վարուելակերպ պիտի ունենանք: Կառավարութեան աշխատանքը պիտի ըլլայ պետութեան եւ օրէնքին հովանիին տակ` նպատակ ունենալով կերտել լիբանանեան հաստատութենական հզօր պետութիւն», շեշտեց Ղոսըն:
Ան կոչ ուղղեց խուսափելու ապահովական եւ քաղաքական ցնցումներէն` շեշտելով, որ այդ ցնցումները իրենց ուղղակի ազդեցութիւնը կ՛ունենան քաղաքացիներուն վրայ եւ անհրաժեշտ է երկրին եւ լիբանանցիներուն խնայել նման ցնցումներ, սադրանքներ, կասկածներ եւ գրգռութիւններ: