Հակառակ Վնասուածք Ստանալուն. Քահիլ Յոյս Ունի Մասնակցելու 2014-ի Մոնտիալին
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ աւստրալիացի միջնապահ Թիմ Քահիլ յոյս ունի իր մասնակցութիւնը բերելու 12 յունիսէն 13 յուլիս Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալին, հակառակ անոր որ նախորդ շաբաթավերջին վնասուածք ստացաւ:
34 տարեկան Քահիլ, որ մաս կը կազմէ «Մէյճըր լիկ»-ի կազմերէն Նիւ Եորք – Ռետ Պուլի, վիրաւորուեցաւ Չիւասի դէմ տեղի ունեցած մրցումին:
Նշենք, որ ան կը նկատուի Աւստրալիոյ ազգային խումբին կարեւոր մարզիկներէն մէկը:
Աւստրալիա, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, Մոնտիալի բացման իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ 13 յունիսին` Չիլիի դէմ, ապա յաջորդաբար` Հոլանտայի եւ Սպանիոյ դէմ:
CATEGORIES Մարզական

