Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Պաղեստինեան Պատուիրակութիւն Մը

Սալամ` պաղեստինեան պատուիրակութեան հետ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց պաղեստինեան պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Ֆաթհի կեդրոնական վարչութեան անդամ Ազզամ Ահմետի:
Հանդիպումին ընթացքին Ահմետ վարչապետ Սալամին փոխանցեց պաղեստինեան քաղաքական ուժերուն շնորհաւորութիւնները` Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առիթով:
Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ համախոհական կառավարութեան մը գոյութիւնը երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը կ՛երաշխաւորէ:
Ազզամ Ահմետ վարչապետին ներկայացուց պաղեստինեան կազմակերպութիւններուն պատրաստած յուշագիրը, որուն հիմամբ կը շեշտուին Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայաններուն խաղաղութիւնը պէտք է պահպանել եւ որեւէ հարցի պարագային գործակցիլ լիբանանեան պետութեան հետ:
Վարչապետարանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ահմետ յայտնեց, որ պաղեստինեան խմբաւորումները պիտի հսկեն գաղթակայաններուն խաղաղութեան ու հանդարտութեան եւ զանոնք զերծ պիտի կացուցեն ներքին լիբանանեան որեւէ հարցի միջամտութենէն:
Նշենք, որ վարչապետ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ` քննարկելու համար Թրիփոլիի մէջ գործադրուող ապահովական ծրագիրին մանրամասնութիւնները:

