Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնը Այսօր Կ՛առաջադրէ Սամիր Ժահժահի Թեկնածութիւնը
Նախագահական ընտրութեան պատրաստուելու շրջագիծին մէջ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը այսօր պիտի առաջադրէ իր ղեկավարին` Սամիր Ժահժահի թեկնածութիւնը:
Այս առումով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ այսօր թեկնածութիւնը կը յայտարարուի, իսկ երկու շաբաթ ետք` Ժահժահի ընտրական ծրագիրը:
Միւս կողմէ, Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ ինք այդ պաշտօնին իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ ո՛չ դիրքի եւ ո՛չ ալ փառքի հասնելու նպատակով, այլեւ` շարունակելու համար վերջին եօթը ամիսներուն ընթացքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի սկսած աշխատանքը:
Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան դաշնակիցները կը փափաքին, որ ինք ընտրուի հանրապետութեան նախագահ:
CATEGORIES Լիբանանեան

