Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Աշխատեցէք` զուարճանալով, առանց թուլցնելու ձեր կեդրոնացումը: Օրը արդիւնաւէտ է եւ հաճելի` նոյն ատեն: Շարունակեցէք նոյն եռանդով:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Փոխանակ մտածելու անցեալի ձեր կեանքին մասին, նայեցէք ապագային, որ իր բազուկները երկարած է ձեզ գրկելու: Իրապաշտ ու լաւատես մնացէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ճիգ մը ըրէք ընդգրկելու ընկերային կեանքը: Ընտելացէք իւրաքանիւր անձի խառնուածքին եւ ըստ այնմ կապ պահեցէք անոնց հետ յարգանքով:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յարգեցէք ձեր մեծաւորները կամ դիրքի տէր անձերը, որոնց հետ կրնաք ունենալ յարաբերութիւն, իւրաքանչիւր անձ իր արժանիքը ունի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր շրջանակը պիտի յարգէ ձեր կեցուածքը, որ «առիւծ կենդանակերպին յատկանիշն է: Յարգանքի արժանանալն ալ ուրախութիւն է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեռք առէք յատուկ կամ որոշ աշխատանք մը, կեդրոնացէք անոր վրայ: Ուրիշ բանի մասին մի՛ մտածէք, ձեր ուշադրութիւնը մի՛ շեղէք ուրիշ տեղ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր բարեկամներուն գործեր առաջարկեցէք: Իւրաքանչիւր անձ ունի իր փորձառութիւնը, որմէ կրնաք օգտուիլ նաեւ դուք: Օրը յաջող է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Աշխատանքի մէջ կրնաք վիճաբանիլ, բայց հաստատ մնացէք ձեր սկզբունքին վրայ: Երբ ճշմարտութիւնը յարգուի, ամէն հարց կը դիւրանայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ճամբորդութեան ծրագիր մը կը հոլովէք ձեր մտքին մէջ, որ շուտով պիտի բիւրեղանայ: Ուրեմն պատրաստ եղէք ճամբորդելու, ոչինչ ձգեցէք պատահականութեան:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կարիքը ունիք խորհուրդին կարգ մը անձերու: Մտիկ ըրէք, որպէսզի ունենաք նոր դիրք ու կատարելիք նոր գործեր: Պիտի օգտուիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Փափուկ կամ վիճակայարոյց մթնոլորտ պիտի տիրէ աշխատանքի պահուն: Ուշադիր եղէք ոչ ոքի հետ վիճելու: Եթէ չարամիտներ կան ձեր քով, լուռ մնացէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Աշխատանքի մէջ անձ մը դիտողութիւն պիտի ընէ ձեր գործունէութեան վերաբերեալ: Մտիկ ըրէք, եթէ արդար է ըսուած խօսքը, ընդունեցէք եւ շարունակեցէք ձեր գործը առանց վշտանալու:

