Փինկ Փոնկ. Շեպիպեթ Ամիլա` Լեռնալիբանանի Նահանգի Լիբանանի Ախոյեան
Նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լեռնալիբանանի նահանգի Լիբանանի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները:
Առանց պարտութիւն կրելու եւ 10 կէտ ապահովելով` ախոյեան հանդիսացաւ Շեպիպեթ Ամիլա (Ֆըրն Շըպպեք):
Խումբին մաս կը կազմէին Նետիմ Ռաատ, Սամիր Մըրշի, Թոնի Ֆըրսան եւ Ռոնի Սալեմ:
Անոր ետին եօթը այլ խումբեր, որոնք յաջորդաբար գրաւեցին երկրորդէն ութերորդ դիրքերը, ապահովեցին աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իրենց տոմսերը:
Այդ խումբերն են յաջորդաբար` Անդրանիկ Անթիլիաս, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, Տանք Անթիլիաս, Մար Եուսեֆ – Պէյթ Քըքքօ, Ռիատի – Պաապտա եւ Ֆրեր Պէյթ Մերի:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ախոյեան հանդիսացած խումբին:
CATEGORIES Մարզական

