Հարցազրոյց Փրոֆ. Դոկտ. Աշոտ Մելքոնեանի Հետ

AshodMelkonian_VahramԵրէկ, 8 ապրիլ 2014-ին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց մը Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. դոկտ.Աշոտ Մելքոնեանի հետ: Զրուցավարն էր «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ պատմական խնդիրներու արծարծման Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական համակարգի աշխուժացման մէջ ունեցած ազդեցութեան եւ իրաւական թղթածրարի պատրաստութեան մէջ պատմաբաններու դերակատարութեան. այս առումով փրոֆ. Մելքոնեան յայտնեց, որ առանց պատմական խնդիրներու արծարծման իրաւական համակարգի մասին խօսիլը անկարելի է:

Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան աքթին մէջ հայրենազրկման երեւոյթին, հայ-թրքական յարաբերութեանց եւ քրտական ազդակին:

Հարցազրոյցի տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի զետեղուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES