Ազգային Ժողովի Ոչ Իշխանական Ուժերը Խորհրդարանի Արտակարգ Նիստի Պիտի Հրաւիրեն

Aghvan0804Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ Ազգային ժողովի ոչ իշխանական չորս խմբակցութիւնները մտադիր են այս շաբաթ խորհդարանի արտակարգ նիստի հրաւիրել:

Ըստ անոր, ոչ իշխանական չորս ուժերուն միջեւ կայ նախնական որոշում արտակարգ նիստին վերաբերեալ, սակայն ատիկա պէտք է տակաւին լրացուցիչ ձեւով քննարկուի:

Աղուան Վարդանեան նշեց, որ արտակարգ նիստը կը հրաւիրուի կուտակային կենսաթոշակային օրէնքին վերաբերեալ Սահմանադրական դատարանի որոշումը եւ անկէ ետք ստեղծուած իրավիճակը քննարկելու նպատակով:

 

Share this Article
CATEGORIES