Նախագահ Սարգսեան. «Ղարաբաղի Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքը Անվիճելի Է»
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Աշկապատի մէջ յայտարարեց, որ Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը անվիճելի է եւ անոր փաստացի կազմակերպումը պէտք է տէ ժիւրէ ամրագրուի:
«Ես այսօր անգամ մը եւս ներկայացուցի ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղուած մեր սկզբունքային դիրքորոշումը` հարցը կրնայ եւ պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ճամբով, միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ սկզբունքներու հիման վրայ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան` Թուրքմենիստանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետովի հետ բանակցութիւններէն ետք տրուած միացեալ ասուլիսին ընթացքին:
Ան փոխանցեց, որ Թուրքմենիստանի նախագահին հետ բանակցութիւններուն ընթացքին բարեկամական եւ վստահութեան մթնոլորտի մէջ քննարկուեցաւ հայ-թուրքմենական յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքը, ապագայի համար նախանշուեցան գլխաւոր կողմնորոշիչները:
Հայաստանի նախագահը ըսաւ, որ քննարկուած են նաեւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր` յոյս յայտնելով, որ նախորդ տարուան կրճատուած առեւտրաշրջանառութիւնը կարելի պիտի ըլլայ զարգացնել այս տարի: Քննարկուեցաւ նաեւ ենթակառուցային եւ ուժանիւթի ծրագիրներու զարգացումը:
Ստորագրուեցան տարբեր փաստաթուղթեր, որոնցմէ Սերժ Սարգսեան առանձնացուց օդանաւորդութեան հարցերով յուշագիրը, որ նպատակաուղղուած է այդ մարզին մէջ փոխադարձ յարաբերութիւններու ազատականացման: Նախագահը նշեց, որ շուտով կարելի պիտի ըլլայ Երեւանէն ուղիղ թռիչքով մեկնիլ Աշկապատ:
Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ իրենք քննարկեցին շրջանային եւ միջազգային հարցեր եւ ընդգծեցին միջազգային ասպարէզին մէջ գործողութիւններու հետագայ համակարգման կարեւորութիւնը: Բանակցութիւններու ընթացքին հաստատուեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքմենիստանի ձգտումը` հետագային եւս նպաստելու խաղաղութեան եւ ապահովութեան հաստատումին Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան, ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ աւելի արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութեան միջոցով:
Սարգսեան Թուրքմենիստանի նախագահը հրաւիրեց պաշտօնական այցելութիւն կատարելու Հայաստան եւ հրաւէրը ընդունուեցաւ:

