Անգլիական Ֆութպոլ. Պըրնլի Կարեւոր Քայլ Մը Առաւ Դէպի «Փրեմիեր Լիկ»
Անգլիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած 41-րդ հանգրուանի մրցումներուն, 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Պըրնլի 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Պարնզլիի դաշտէն, կարեւոր քայլ մը առաւ «Փրեմիեր լիկ» բարձրանալու գծով:
Անիկա այժմ ունի 83 կէտ, մինչ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լայսթըր Սիթի, որ արդէն իսկ ապահոված է «Փրեմիեր լիկ»-ի իր տոմսը, իր տրամադրութեան տակ ունի 89 կէտ, իսկ 3-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Տերպի Քաունթի` 72 կէտով:
Նշենք, որ առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը մեքենայաբար կը բարձրանան բարձրագոյն դասակարգ, մինչ անոնց ետին գտնուող չորս խումբերը փլէյ-օֆի մրցումներուն կը մասնակցին:
CATEGORIES Մարզական

