Նախարար Եուրի Վարդանեան Ընդունեց Հայրենի Ըմբիշները
Երէկ` չորեքշաբթի, 9 ապրիլին, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Եուրի Վարդանեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Հայաստանի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամները եւ անոնց մարզիչները:
Այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ֆինլանտայի մէջ վերջերս աւարտած Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյեանութեան անոնց ձեռք ձգած յաջողութիւններուն առիթով:
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Եւրոպայի եռակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան, մետալակիրներ Արսէն Ջուլֆալակեան, Գրիգոր Գրիգորեան եւ Գարիկ Բարսեղեան, ինչպէս նաեւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան եւ մարզիչ Հրանդ Ենոքեան:
Հանդիպումին սկիզբը նախարար Վարդանեան շնորհաւորեց հայ մարզիկները` անոնց յաջող ելոյթներուն եւ նուաճած մետալներուն գծով:
Նախարարը ըսաւ. «Այն սպասելիքները, որոնք ունէինք յատկապէս ըմբշամարտէն, արդարացան: Մենք լուրջ ուշադրութիւն կը դարձնենք այս մարզաձեւին: Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլորիդ, կը խրախուսենք ձեզի եւ կու գանք ըսելու, որ նախարարութիւնը ձեր կողքին է:
«Հանրապետութեան նախագահին հետ միասին լուրջ անկալիքներ ունինք նաեւ Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ (Պրազիլ) տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերէն եւ յոյսով ենք, որ ողիմպիականի ոսկի մետալը անպայման կը բերէք Հայաստան», ընդգծեց Վարդանեան:
Նախարարին խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսութիւնը:
Լեւոն Ջուլֆալակեան պարգեւատրուեցաւ ոսկի մետալով, մինչ այլ պարգեւներ ստացան Գէորգ Ալեքսանեան, Սամուէլ Մարգարեան, Սամուէլ Գէորգեան եւ Յովսէփ Յովսէփեան:
Իսկ միջազգային կարգի մարզական վարպետի կոչումներ շնորհուեցան ըմբիշներ` Եւրոպայի ախոյեանութեան մետալակիրներ Գատիկ Բարսեղեանին եւ Գրիգոր Գրիգորեանին, իր տուած այս լուրը եզրափակեց ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը:

