ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւն. Դասական Երաժշտութեան Նուագահանդէս` «Փիաչեվոլէ» Եռեակին Կատարողութեամբ

Piacevole_LokhՉորեքշաբթի, 9 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան, ԼՕ Խաչի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան նուագահանդէս` Պէյրութի Ազգային աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ:

Բացման խօսքը անգլերէնով արտասանեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Յովհաննէսեան` կոչ ուղղելով ներկաներուն թիկունք կանգնելու ԼՕԽ-ին` իր բարեսիրական սրբազան առաքելութիւնը իրագործելու համար, մանաւանդ այս օրերուն, երբ սուրիահայ գաղթականներ նոյնքան ԼՕԽ-ի նեցուկին կարիքը ունին: Ան բարի վայելում մաղթեց իր տեսակին մէջ եզակի, երեք երիտասարդուհիներու «Փիաչեվոլէ» եռեակին  կողմէ կատարելի կիներու յօրինումներու ունկնդրութեան:

Ապա ջութակով Էլիոնոր Շուլց, թաւջութակով` Շուշան Արթինեան եւ դաշնակով` Լորի Այնթապլեան հոյակապ ներդաշնակութեամբ հանդէս եկան նուագելով Քլարա Շումանէն, Էլֆրիտա Անտրէէն եւ Գայեանէ Չըպոտարեանէն կտորներ:

Հանդիսատեսները բարձր գնահատեցին նման ձեռնարկի մը կազմակերպումը եւ շնորհաւորեցին  թէ՛ ԼՕԽ-ը եւ թէ՛ «Փիաչեվոլէ» եռեակը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES