«Ապրիլեան Յիշատակի Ձեռնարկ»` Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գէորգ Չաւուշ» Պատանեկան Միութեան

badani-1004Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութեան եւ հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու ընդհանուր վարիչ մարմինին, հինգշաբթի, 10 ապրիլին կայացաւ ապրիլեան յիշատակի ձեռնարկ`  «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ միութեան կրտսեր ու երէց պատանիներուն եւ ներկայութեամբ անոնց ծնողներուն, այլ պատանեկան միութիւններէ մեծ թիւով պատանիներու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, հոծ համակիրներու եւ ընկերներու: Ապրիլեան զոհերու յիշատակը յոտնկայս յարգելէ ետք, Սագօ Եագուպեան արտասանեց ձեռնարկին բացման խօսքը: «Թուրքիոյ ներկայ քաղաքականութիւնը յստակ պատասխանն է բոլոր անոնց, որոնք Հայոց ցեղասպանութիւնը կը նկատեն պատմութեան մէջ մնացած դէպք մը` մոռացութեան ենթակայ», նշեց ան: Եագուպեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն` շեշտելով, որ իրենց մղումով ու քաջալերանքով է, որ իրենց զաւակները սկսան գործել պատանեկան կեանքին մէջ: «Մեր ծնողները, կերտելով հայ տիպար զաւակներ, մասնիկ մըն են հայապահպանման մեծ գործին եւ Հայ դատի աշխատանքներուն», եզրափակեց ան:

Ձեռնարկը կը պարփակէր գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ միութեան կրտսեր ու երէց պատանիներուն: Դանիէլ Վարուժանի «Դերենիկը» ասմունքեցին խումբ մը կրտսեր պատանիներ, մեկնաբանուեցան նաեւ ազգային ու յեղափոխական փունջ մը երգեր` շուիի վրայ Սագօ Եագուպեանի ընկերակցութեամբ: Վահան Թէքէեանի «Պիտի իյնաս»-ը մեկնաբանեցին Սերուժ Խանճիանեան եւ Զարին Օհաննէսեան: Յեղափոխական երգերով ներկաները ոգեւորեցին կրտսեր պատանիները խմբային երեք երգերով` «Թող հնչէ շեփոր», «Գինի լից» եւ «Ելէք հայեր պայքարի», իսկ Նաթալի Մարգարեան մեկնաբանեց «Խաչ ու սուր»-ը:

Ներկաները դիտեցին երեկոյի նիւթը պարփակող տեսերիզ մը, որուն միջոցով նաեւ ներկայացուեցան «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութեան աշխատանքները, դաստիարակչական, քարոզչական ու ընկերային ձեռնարկները, որոնց ընդմէջէն հայ պատանին կը ստանայ իր ազգային ու յեղափոխական կազմաւորումը պատանեկան միութիւններուն մէջ:

Անի Բագրատունի

Անի Բագրատունի

Ձեռնարկին բանախօսն էր Անի Բագրատունի, որ վեր առաւ հայ պատանիին ու երիտասարդին դերը մեր պատմութեան փառապանծ էջերը կերտելու մէջ: «Այն կուսակցութիւնը, որ պատանեկան ու երիտասարդական շարքեր ունի, չի ծերանար», ընդգծեց Բագրատունի: Բագրատունի շեշտեց, որ այս երիտասարդներն էին, որոնք յեղափոխական գործ տարին, ստանձնեցին արդարահատոյցը, ձեռնարկեցին հայ գաղութներու պահպանման աշխատանքը, այս գործի ճամբուն վրայ նաեւ տալով զոհեր: «Պատի՛ւ ու փա՛ռք այդ տղոց», ըսաւ Բագրատունի: Բանախօսը պատմական ակնարկով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի քաղաքական ու ընկերային վիճակին` ցեղասպանութեան նախօրեակին ու անկէ ետք: Ան շեշտեց, որ Թուրքիան այսօր սուր կերպով կը մերժէ ընդունիլ ցեղասպանութիւնը, եւ թէ թուրքը կը մնայ նոյն թուրքը` ցեղասպան ու անիրաւ: Ապա, Բագրատունի անդրադարձաւ թրքական պատկերասփիւռի կայաններ դիտողներուն ու Թուրքիա զբօսաշրջութիւն կատարողներու ժխտական երեւոյթին` դիտել տալով, թէ այսօր թուրքը իր թրքութիւնը չէ մոռցած, օրինակ տալով Քեսապի պատահարը: «Հայ պատանին ու երիտասարդը կ՛ըսէ ո՛չ, մենք մեր հայութիւնը չե՛նք մոռցած® մեր Դատը չի՛ մարիր, այնքան ատեն որ հետապնդող կայ», աւելցուց Բագրատունի:

Բագրատունի շեշտեց չորս մարտահրաւէրներ մեր այսօրուան պայքարի ճամբուն վրայ: Հայապահպանում, Արեւմտահայաստանի մեր հայրենակիցներուն հետ կապ` արհեստագիտութեան միջոցով: Այս վերջինին ճամբով նաեւ թուրք պատանիներու հետ կապ` ծանօթացնելու ցեղասպանութիւնը եւ վերջապէս, Ֆիզիքական ու մտային պատրաստուածութիւն` մեր հողերու ազատագրման ի խնդիր: «Եկէք համախմբուինք 2015-ին, Արեւմտահայաստանի ու Արեւելահայաստանի սահմանին վրայ թուրքին ըսելով` տե՛ս մեր շարքերը, տե՛ս մեր թիւը», աւարտեց Բագրատունի:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատի» յաղթերգով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES