Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – Մութթահետ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ եւ դարձի նախավերջին հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր Ռիատի Պէյրութ կը հիւրընկալէ Մութթահետը: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մանարայի մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին:

Այս հանգրուանը կ՛աւարտի վաղը, երբ երեկոյեան ժամը 17:00-ին Պիպլոս կը հիւրընկալէ Թատամոնը:

Share this Article
CATEGORIES