Խորհրդարանական Յանձնախումբերու Միացեալ Նիստի Քննարկումներուն Զուգահեռ. Ընկերային – Տնտեսական Բնոյթով Բողոքի Ցոյցեր` Լիբանանի Զանազան Շրջաններուն Մէջ
Այն միջոցին, երբ խորհրդարանական զանազան յանձնախումբեր օրերէ ի վեր նիստերու շարք մը կը գումարեն, ընկերային-տնտեսական պահանջներով բողոքի զանազան ցոյցեր տեղի ունեցան լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ:
Արդարեւ, դրամատուներու միօրեայ «գործադուլ»-ին կողքին, հին վարձակալներու ցոյց մը ուղղուեցաւ դէպի վարչապետ Թամմամ Սալամի բնակարանը` պահանջելով վարձքերու օրինագիծին գծով արդար լուծում որդեգրել: Երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցած այս ցոյցը կանխած էր նմանօրինակ այլ ցոյց մը` Սայտայի մէջ:
Միւս կողմէ, Տնտեսական խորհուրդներու յանձնախումբ մը այցելեց վարչապետ Թամմամ Սալամին, վարչապետարանի իր գրասենեակին մէջ:
Իսկ ծովային կալուածներու տուգանքներու ու անոնց յետադարձ զօրութեամբ հնգամեայ կուտակումերուն գծով, Ծովային զբօսաշրջուծեան հաստատութիւններու սենտիքայի նախագահ Ժան Պէյրութի նախարար Միշել Ֆարաոնի հետ մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ այսօր` շաբաթ կէսօրէ առաջ:
Իր կարգին, կրթական մարզի կաթողիկէ, ուղղափառ եւ աւետարանական վարժարաններու ծնողական խորհուրդներու ներկայացուցիչը զգուշացուց տուրքերու յաւելման գծով խորհրդարանական յանձնախումբերու հաւանական որոշումէն, որ իր «ժխտական անդրադարձը պիտի ունենայ կրթաթոշակներու յաւելման գծով: Ներկայացուցիչը սպառնաց ի հարկին բողոքի բաց ցոյցեր կազմակերպել վարժարաններուն մէջ:
Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը իր կարգին այսօր ժողով մը պիտի գումարէ` վճռելու համար իր կեցուածքը, ընկերային-տնտեսական հրատապ պահանջներուն գծով:

