«Այս Հանգրուանին Մեր Օրակարգին Վրայ Կուսակցութիւններու Ղեկավարներու Հանդիպման Անհրաժեշտութիւն Չկայ» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

Աղուան Վարդանեան

Աղուան Վարդանեան

Նախանցեալ օր Հայ ազգային քոնկրեսի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի, Հայաստանի ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Ստեփան Դեմիրճեանի եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հանդիպումէն կը բացակայէր ՀՅԴ-ն:

ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչի բացակայութիւնը հանդիպումին շարք մը հարցադրումներու առիթ դարձած էր զանգուածային լրատուամիջոցներու համար:

«Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան ըսաւ, որ կուսակցութեաց ղեկավարներու հանդիպման հարցը բազմիցս քննարկուած է քառեակի նիստերուն ընթացքին եւ այդ հարցը հիմնականին մէջ առաջ մղուած էր Ժառանգութեան կողմէ: «Այս հանգրուանին այսպիսի հանդիպման անհրաժեշտութիւն ՀՅԴ-ի օրակարգին վրայ չկայ: Քառեակի բոլոր քննարկումներուն ընթացքին ՀՅԴ-ն արտայայտած է իր ամբողջական տեսակէտը: Մեզի համար քաղաքական խումբի եւ ղեկավարի մօտեցումները չեն տարբերակուիր: Մեր «այո»-ն այո եղած է եւ կը մնայ, իսկ «ոչ»-ը` ոչ», շեշտեց Աղուան Վարդանեան:

Ան նաեւ յայտնեց, որ տեղեակ եղած են, որ հաւանաբար երեք կուսակցութիւններու ղեկավարները եւ ներկայացուցիչները հանդիպին: ՀՅԴ-ն բնականոն կը վերաբերի այդ հանդիպումին, ՀՅԴ-ի դիրքորոշումները նոյնը կը մնան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES