Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակի «Էս. Էյ. Թի.»-ի Քննութեան Դասընթացքին Արդէն Իսկ Կը Մասնակցին 38 Աշակերտներ
Զաւարեան ուսանողական գրասենեակը, վերջին տարիներուն ընթացքին, իր աշխատանքներուն ծիրին մէջ ընդգրկած է համալսարանական մուտքի «էս. Էյ. Թի.»-ի քննութեան դասանիւթերու ուսուցումը, հայկական երկրորդական դպրոցներու աշակերտութեան համար` ի մտի ունենալով հայ աշակերտին դիմագրաւած դժուարութիւնները համալսարաններու մուտքի քննութիւններուն ընթացքին:
Այս տարի եւս նոյն առաքելութիւնը կը շարունակուի, ուր շաբաթական դրութեամբ տեղի կ՛ունենայ ուսողութեան եւ անգլերէն նիւթերու ուսուցումը, շաբաթ օրերը, ժամը 1:30-էն սկսեալ, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ:
8 շաբաթներու ընթացքին` 5 ապրիլէն սկսեալ, աշակերտները, տարբեր տեսակի վարժութիւններու ընդմէջէն, կը ծանօթանան «էս. Էյ. Թի.»-ի քննութեան ընդհանուր կառոյցին, անոր յաջողութեան «գաղտնիք»-ներուն եւ արագ լուծելու միջոցներուն մասին: Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն Գուրգէն Փափազեան կը վկայէ, թէ դասընթացքին գաղափարը շատ լաւ է եւ անոր անվճար ըլլալը զայն աւելի մատչելի կը դարձնէ հայ աշակերտութեան: Իսկ Հայ աւետարանական քոլեճէն Արի Վարդանեան կը հաստատէ որ տրուած ըլլալով, որ բազմաթիւ նորութիւններ կան, նիւթերուն հայերէնով դասաւանդումը կ՛օգնէ, որ աւելի դիւրին ձեւով դիմագրաւուին վարժութիւններու դժուարութիւնները:
Նշենք, որ արդէն իսկ ուրիշ 38 աշակերտներ, Լիբանանի հայկական տարբեր դպրոցներու 10-րդ, 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններէ, նաեւ կը մասնակցին վերոյիշեալ անվճար դասընթացքին, ուր Զաւարեան ուսանողական միութիւնն ու անոր գրասենեակը որեւէ ճիգ չեն խնայած:
Յաջողութիւն կը մաղթենք մասնակցող աշակերտներուն` իրենց համալսարանական մուտքի քննութիւններուն եւ յոյսով ենք, որ հայկական դպրոցներու տնօրէնութիւններն ու ուսուցչական կազմերը քաջալերեն իրենց աշակերտները` մասնակցելու այսպիսի դասընթացքներուն:
Զաւարեան ուսանողական գրասենեակի «Էս. Էյ. Թի.»-ի քննութեան դասընթացքին մասնակցիլ փափաքողները կրնան դիմել Գրասենեակ` հեռաձայնելով 70-998678 թիւին:
ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

