Անդրադարձ. Յստակն Ու Անյստակը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի անդրադարձաւ 10 ապրիլին Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի որդեգրման: Ան յայտարարեց, որ «մենք կը ճանչնանք, յստակօրէն կը ճանչնանք պատմական փաստը», սակայն իր ամբողջ յայտարարութեան տեւողութեան չօգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրը եւ խօսեցաւ անյստակ «պատմական փաստ»-ի մը մասին, որ «20-րդ դարու վատթարագոյն վայրագութիւններէն» մէկն է: Ան նաեւ ըսաւ, որ իրենք կը սգան «կորուստը 1.5 միլիոն հայերու, որոնք Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն տեղահանուած եւ սպանութեան ենթարկուած են», սակայն որո՞ւ ձեռքով… յստակ չէ: Այս բոլորը կը վկայեն, որ հակառակ Փսաքիի պնդումին, ամերիկեան վարչակարգին դիրքորոշման մէջ կը տիրէ դիտաւորեալ անյստակութիւն մը, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները չնեղացնելու նախանձախնդրութենէն կը բխի:

Փսաքի նաեւ նշեց. «Ես գիտեմ, որ նախագահի թեկնածու եղած ատեն Օպամա այս հարցին շուրջ ունեցած է իր անձնական տեսակէտը, որ իրականութեան մէջ կը նշուէր նաեւ անցեալ տարի Սպիտակ տան տարածած յայտարարութեան մէջ: Համոզուած եմ, որ նոր յայտարարութիւններ պիտի ըլլան այս ամսուան վերջաւորութեան»: Ան ընտրական խոստումը իբրեւ «անձնական տեսակէտ» ներկայացնելով փորձ կը կատարէ ծածկելու իր խոստմնադրուժ ղեկավարին յանցանքը: Ճիշդ է, որ անձնական տեսակէտները մէկդի կը ձգուին, երբ հարցը վերաբերի պետական շահերուն, եւ ատիկա դրական քայլ կը նկատուի, սակայն երբ հարցը կը վերաբերի ընտրական խոստումի մը, ապա խնդիրը այլ մակարդակի վրայ է եւ ատոր անտեսումը, ըստ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային բարոյականութեան արժէչափերուն, ժխտական քայլ մըն է:

Փսաքի նաեւ անդրադարձ կատարեց Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց կարգաւորման` նշելով, որ Ուաշինկթըն երկու երկիրները կը յորդորէ համատեղ աշխատիլ պատմական փաստերու լիակատար, ազնիւ եւ արդարացի ընդունման շուրջ: Փաստերու լիակատար ընդունումը Թուրքիոյ պարտաւորութիւններէն մէկն է, իսկ «ազնիւ» եւ «արդարացի» եզրերը իրականութեան մէջ կը վերաբերին հատուցման թղթածրարին եւ ոչ թէ ցեղասպանութեան ճանաչումին: Նշեալ յայտարարութեան պարունակին մէջ օգտագործուած այդ եզրերը կը յիշեցնեն ցեղասպանութեան նոր բանաձեւի հարցով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած «1915-ի դէպքերուն արդար յիշողութեան մը ձեռքբերման» անհեթեթ կոչը, ուստի Փսաքիի կողմէ յաւելեալ բացատրութեան կը կարօտին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը համոզում յայտնեց, որ այս ամսուան վերջաւորութեան Սպիտակ տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով պիտի ըլլան «նոր յայտարարութիւններ»:  Վերոնշեալ խօսքերը կը յուշեն, որ այդ «նոր յայտարարութիւններ»-ը հինին կրկնօրինակը պիտի ըլլան, ուստի Միացեալ Նահանգներու նախագահին ապրիլ 24-ի աւանդական ուղերձէն միայն աւանդական մեղմասացութիւն պէտք է սպասել. այդ է Փսաքիի անյստակ յայտարարութենէն բխող յստակ կէտը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES