Ռուսական Ֆութպոլ. Եուրի Ուդունեանի Կոլը Յաղթական Էր

yuri-outounianՌուսիոյ ֆութպոլի «փրեմիեր լիկ»-ի երիտասարդական ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մախաչքալայի Անժին 1-0 արդիւնքով յաղթեց Լոքոմոթիւին: Այս մրցումին միակ կոլը նշանակեց Անժիի հայ միջնապահ Եուրի Ուդունեան` 60-րդ վայրկեանին, կը տեղեկացնէ ArmSport.am:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, տաղստանեան ակումբը, ապահովելով իր 41-րդ կէտը, այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 3-րդ դիրքը:

Share this Article
CATEGORIES