Յաղթանակ Մկրտութեամբ

ՄԱԹԻԿ  ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Baptism2Այս օրերուն, երբ հայաշխարհի մտային հորիզոնի վրայ թարմացած է թրքական բարբարոսութեան դասական դարձած նկարագիրն ու պետական քաղաքականութիւնը, երբ միջազգային մամլոյ գործակալութիւնները լուսարձակի տակ առած են թուրանական անսահման ախորժակները` տեղահանելու եւ հրկիզելու դրացիներու ինչքերը, անցեալն ու ներկան կամրջող այս երեւոյթները յաւելեալ առիթ եւ խթան կը հանդիսանան հարիւրամեակ մը առաջ այս ասպատակութիւններու եւ արիւնալի արարքներու շարքին` բռնի կրօնափոխութեան երեւոյթը  բացայայտելու կարեւորութիւնը:

Ապրիլեան ամսուան առաջին շաբաթ օրը ամսոյն հինգին, Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ, եզակի արարողութեամբ, հայկական սրբալոյս միւռոնով մկրտուեցան եւ դրոշմուեցան Տէրսիմցի իսլամացած հայերէն մայր ու որդի` Էլեֆ եւ Պորան Գարամանները:

Խորհրդանշական այս արարողութիւնը յաւելեալ իմաստ ստացաւ, երբ անոնց կողքին մկրտուեցան երկու հալէպահայ երեխաներ, որոնց ծնողները դէպքերու բերումով հասած էին Ժընեւ:

Baptism3Հայ եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներէն դասուած մկրտութեան եւ դրոշմի արարողութիւնը կատարեց զուիցերիահայ թեմի տեղապահ եւ Ժընեւի հայոց հոգեւոր հովիւ Գուսան վրդ. Ալճանեանը, կողքին` եկեղեցւոյ բազմամեայ ծառայութիւն ունեցող Եդուարդ սրկ. Դաւիթեանը:

Baptism5Ներկայ հարազատներուն եւ բարեկամներուն  աչքերը յաճախ կը տամկնային ի տես հայաշունչ արարողութեան, ուր Լուսաւորչի աջով օծուն միւռոնը իր կրօնական խորհուրդի սահմանները անցնելով, կը ճառագայթէր դար մը առաջ բռնի թրքացման զոհ դարձած հայորդիներու շարաւիղներու ճակտին, ցեղասպանութեան բազմատեսակ արարքներու շարքին` թուրքի եաթաղանին համազօր ցկեանս նահատակներու այս զանգուածները որոնք տարածուած են պատմական Հայաստանի հողերուն վրայ յարութեան շեփորի ձայները կ՛աղերսեն վերադառնալու եւ մկրտուելու հայ եկեղեցւոյ աւազանին մէջ:

Մկրտուած չորս հայորդիներուն կնքահայրերն էին` Մարսէյի եւ հարաւային Ֆրանսայի Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս եւ զուիցերահայ յայտնի գործարար Վարդան Սրմաքէշ, որ կնքահայրութիւնը  ստանձնած էր հալէպահայ Գէորգ եւ Լիա Խաչքզեան երիտասարդ ամոլին երկու զաւակներուն` Յակոբի եւ Էմիլիի:

Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի Տարօն-Տուրուբերան հայրենակցական միութեան ատենապետ Րաֆֆի Գրիգորեան որ գրկած էր մանուկ Պորանը, մկրտող վարդապետին արարողութեան կարգի ընթացքին յայտարարեց մկրտեալ հայորդիի նոր անունը Հրանդ` ի յիշատակ նահատակ Հրանդ Տինքի:

Մանուկ Հրանդին մայրը` Էլիֆ վերանուանուեցաւ Էլիզ` կնքահայրութեամբ զուիցերիհայ Սիմոն Դաւիթեանի:

Բազմաթիւ մկրտութեան խորհուրդներու ներկայ եղած եմ, սակայն այս մէկը տարբեր էր բոլորէն, գիտակցաբար եւ կամովին մկրտութեան աւազանին մօտեցող հայուհիին հոգին կը խայտայ, դէմքին ժպիտ չկայ, երջանկութեան արցունքները կը փայլին աչքերուն մէջ` յաւելեալ փայլք տալով ճակտին եւ երեսներուն վրայ դրոշմուած սուրբ միւռոնին, զգալի է, որ անոր էութիւնը կը ցնցուի կրկնապէս, երբ իրեն հետ կը մկրտուի նաեւ իր հոգեհատոր Հրանդը:

Baptism6Մտքով կը թռչիմ ութսունական թուականները, երբ ուխտագնացութեան կ՛երթայինք Տէր Զօր եւ Շատտատէ, եկեղեցւոյ դրան առջեւ հաւաքուած կ՛ըլլային Եղեռնի օրերէն ապրող նահատակ հայուհիներ, դաջուած դէմքերով, գլուխնին լաչակներ, միւռոնուած ճակատներով: Էլիզի աչքերուն փայլքը նման էր անոնց արցունքոտ աչքերուն, կու գային լուռ ու մունջ հարազատ մը տեսնելու յոյսով, անոնք համոզուած էին իրենց դառն ճակատագրին:

Հալէպի մէջ եւ այլուր հանդիպած եմ տեղացիներու, որոնք յայտնած են, թէ իրենց մայրը կամ մեծ մայրը ծագումով հայուհի է: Այսօր, հարիւրամեակ մը ետք, անոնք չկան, սակայն անոնց զաւակներուն եւ թոռներուն արեան կանչը շատ յաճախ բացայայտուած է իրենց կեցուածքներով եւ ապրումներով:

Արարողութենէն ետք Գուսան վարդապետ իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Պորան ընտանիքին մեծ մայրիկը, որ անսալով հայ մնալու ներքին ձայնին, ինք առաջին մկրտուողը եղած էր տարիներ առաջ,անոր յաջորդած էին այլ զաւակներ, այս եկեղեցւոյ մէջ, ամիս մը առաջ, որոնք վերանուանուած էին հետեւեալ անուններով. Լէյլան` Նայիրա, Հայտարը` Հայկ, Մերալը` Մարալ, եւ` Ալենը: Հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ արեւշատութիւն  մաղթեց մկրտութիւնը ստանձնող կնքահայրերուն:

Ուխտագնացութիւն մը ապրեցանք, մարդկային իրաւունքներու ջահակիր այս երկրի հայկական եկեղեցիին մէջ, մտաբերելով անմահ Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» բանաստեղծութեան վերջին տողը … «Եւ երգն է միշտ յաղթութիւն»: Հայկական եկեղեցական շարականները յաղթերգ էին այդ օր բոլոր ժամանակներէ աւելի:

Ժընեւ

 

Baptism4

Share this Article
CATEGORIES