ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՂՏՈՏ ԼՈՒԱՑՔԸ ՓՌԵԼ ԱՐԱՐ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԱՌՋԵՒ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անցեալ շաբաթ կարեւոր ելոյթ մը ունեցաւ Սթրազպուրկի մէջ` Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նիստին ընթացքին: Իր 30 վայրկեան տեւողութեամբ համապարփակ ճառին մէջ, նախագահը անդրադարձաւ Հայաստանի ներքին ու արտաքին խնդիրներուն` օտարերկրեայ բարձրաստիճան լսարանին առջեւ երկիրը ներկայացնելով լաւագոյն լոյսի տակ:

Ներքին հարցերու առումով նախագահ Սարգսեան խօսեցաւ փտածութեան դէմ պայքարին, «արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ» իրականացնելու եւ «2008 մարտի ողբերգական դէպքերուն հետեւանքները» վերացնելու մասին:

Այնուհետեւ նախագահը եւրոպացի խորհրդարանականներուն յիշեցուց, որ Հայաստան ունի Եւրոպայի հետ ընդհանուր «պատմական ու մշակութային պատկանելիութիւն», եւ ներկայացուց Արցախի տագնապին լուծման ուղղութեամբ տարուող բանակցութիւնները: Ան դատապարտեց Ազրպէյճանի մէջ տիրող «հայատեացութեան եւ օտարատեացութեան ծայրայեղ աստիճանը»` ըսելով, որ դժուար է զիջումներ կատարել անոր, «որ կը սպասէ մեր վրայ կրակելու յարմար առիթի մը»:

Նախագահ Սարգսեան շարունակեց մեղադրել Թուրքիոյ կառավարութիւնը` Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու «կարգաւորման» հոլովոյթին տապալման համար` ըսելով, որ (Թուրքիա) «վերադարձաւ նախապայմաններ առաջադրելու իր գործելաոճին, չյարգեց իր ստանձնած պարտաւորութիւնները, ինչ որ անկարելի դարձուց ստորագրուած արձանագրութիւններուն վաւերացումը»:

Ան կոչ ուղղեց Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին վերջ տալու Հայաստանի «ապօրինի շրջափակման», եւ մեղադրեց Թուրքիան այն բանին համար, որ «Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-ին հայերու նկատմամբ իրագործուած Ցեղասպանութիւնը Թուրքիան առայսօր ոչ միայն չի ճանչնար, այլեւ կ՛իրականացնէ ժխտումի բացայայտ քաղաքականութիւն»: Ան խոստացաւ, որ այսուհետեւ հայութեան «անխոնջ ջանքերը, եւ լիայոյս եմ` նաեւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններով մտահոգուողներուն ջանքերը` ուղղուած կ՛ըլլան Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման»:

Ելոյթէն ետք Հայաստանի նախագահ Սարգսեան եւս 30 վայրկեան նուիրեց` Լիթուանիան, Ֆրանսան, Զուիցերիան, Ռուսիան, Մոլտաւիան, Հոլանտան, Հայաստանը եւ Իրլանտան ներկայացնող Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակներու հարցումներուն պատասխանելու համար: Հինգ ազրպէյճանցիներ իրենց անունները արձանագրած էին խորհրդարանականներու ցանկին մէջ` հարցումներ ուղղելու համար, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը ելոյթ ունեցաւ: Թուրքիոյ պատուիրակները նոյնպէս միաձայն որոշած էին հարցեր չուղղել Հայաստանի նախագահին, ինչպէս յայտնեց թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը:

Ամէնէն աւելի ուշագրաւ հարցումը ուղղուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութեան անդամ Զարուհի Փոստանջեանի կողմէ: Ան նախագահ Սարգսեանին հարց տուաւ. «Հայաստանում ձեւաւորուել է մենատիրական վարչակարգ, 1995 թուականից սկսած ընտրութիւնները կեղծուել են: Չէ՞ք ցանկանում նախաձեռնել արտահերթ, արդար ընտրութիւններ եւ հեռանալ»:

Մինչ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի թուրք նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլու քմծիծաղով արձագանգեց այդ հարցումին, նախագահ Սարգսեան հանդարտօրէն պատասխանեց, որ ինք քաջ տեղեակ է տիկին Փոստանջեանի կարծիքներուն մասին, զորս ան ազատօրէն կը հնչեցնէ ինչպէս Հայաստանի խորհրդարանին, այնպէս ալ փողոցներուն ու լրատուամիջոցներուն մէջ: Ան աւելցուց, որ չի պատրաստուիր արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու, որովհետեւ ատոր ո՛չ անհրաժեշտութիւնը կայ, ո՛չ ալ մեր սահմանադրութիւնը նման կարելիութիւն կ՛ընձեռէ այդպէս դիւրութեամբ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու: Ան կոչ ուղղեց տիկին Փոստանջեանին մասնակցելու խորհրդարանական յաջորդ հերթական ընտրութիւններուն:

Զարմանալի չէ, որ Հայաստանի նախագահի` Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի ելոյթը, ողջունուեցաւ իր աջակիցներուն կողմէ եւ քննադատութեան ենթարկուեցաւ ընդդիմադիրներուն կողմէ` երկրին մէջ: Շահագրգիռ բոլոր կողմերուն համար առաւել կարեւոր խնդիրը պէտք է ըլլար այն, որ արդեօք նախագահին տպաւորիչ բառերը կեանքի պիտի կոչուի՞ն մօտ ապագային: Այնուամենայնիւ, անմիջական տարակարծութիւնը` տիկին Փոստանջեանի կողմէ օտար հողի վրայ Հայաստանի նախագահը քննադատելու նպատակայարմարութեան մասին էր:

Հայ քաղաքական գործիչներէն ոմանք անյարմար կը գտնէին Զ. Փոստանջեանի «յարձակումը» նախագահ Սարգսեանի վրայ` Եւրոպական խորհուրդի ատեանին մէջ: Ուրիշներ ալ այն կարծիքին էին, որ անոր օգտագործած «կարծր բառերը» ակամայ նախագահին ի նպաստ էին, քանի որ իսկական «մենատիրական վարչակարգ»ի պարագային, ընդդիմութեան ներկայացուցիչը այդ պատուիրակութեան մէջ պիտի չգտնուէր, պիտի զրկուէր խորհրդարանական իր անձեռնմխելիութենէն եւ պիտի ենթարկուէր հետապնդումի: Իրականութեան մէջ, եւրոպացի որոշ խորհրդարանականները հետաքրքրեց այն, թէ արդեօք Թուրքիոյ կամ Ազրպէյճանի պատուիրակները կը համարձակէի՞ն Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ քննադատել իրենց նախագահը:

Ամերիկացի քաղաքական գործիչները կ՛օգտագործեն «քաղաքականութիւնը կանգ կ՛առնէ երկրի ծայրամասին» արտայայտութիւնը` նշելու համար, որ իրենք պատրաստակամ են մէկ կողմ դնելու ներքին տարակարծութիւնները` օտարներուն դիմաց միասնական ճակատ ցոյց տալու համար: Օգտագործելով այս ասացուածքը Հայաստանի պարագային` կասկածի տակ կը դրուի Եւրոպական խորհուրդին առջեւ նման նսեմացնող դիտողութիւններ ընելու խելամտութիւնը, անկախ այն հանգամանքէն, թէ համաձա՞յն է նախագահին կամ անոր կողմէ վարուող քաղաքականութեան, թէ՞ ոչ: Քանի որ Հայաստանը միջազգային ֆորումներու մէջ անընդհատ յարձակումի կ՛ենթարկուի թուրք եւ ազրպէյճանցի պատուիրակներուն կողմէ, անմտութիւն է մեր ձայնը միացնել Հայաստանի հեղինակութիւնը վարկաբեկողներու ձայնին:

Այս հարցը նաեւ կը յառաջանայ, երբ որոշ հայեր կը փորձեն ճնշում գործադրել իրենց իշխանութիւններուն վրայ` ներքին վէճերը օտարերկրեայ կառավարութիւններ եւ միջազգային դատարաններ հասցնելով: Թէեւ անոնց վրդովմունքը հասկնալի է, այնուամենայնիւ, օտարերկրեայ ատեաններ մեր ներքին վէճերուն միջամուխ դարձնելը կը վնասէ Հայաստանի հեղինակութեան արտերկրի մէջ: Նման դէպքերու, այնուամենայնիւ, մեղքը նաեւ Հայաստանի կառավարութեանն է, որ չի կրնար ապահովել երկրի դատարաններուն անաչառութիւնը, ինչ որ կը ստիպէ քաղաքացիներուն արդարադատութիւն հայցել այլ վայրերու մէջ:

Նախքան երկրէն դուրս Հայաստանի ղեկավարութեան վերաբերեալ քննադատական դիտողութիւններ ընելը, յատկապէս խորհրդարանի անդամներու կողմէ, որոնք իրենց կարծիքները երկրին մէջ արտայայտելու մեծ կարելիութիւն ունին, ամէն ոք պէտք է կշռէ եւ բաղդատէ մարդու իրաւունքները յարգելու նպատակով իշխանութիւնները ճնշելու օգուտները` երկրի միջազգային հեղինակութեան հասցուած վնասին հետ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

 

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES