ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՎՐԱՍՏԱՆԻՆ ՊԻՏԻ ՓՈԽԱՆՑԷ 575 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճան Վրաստանին պիտի յատկացնէ 575 միլիոն տոլարի վարկային միջոցներ` Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի նախագիծին ծիրին մէջ: Գումարը նախատեսուած է երկաթուղիի Թիֆլիս-Ախալքալաք հատուածի վերանորոգման համար: Ըստ երէկ կնքուած վարկային համաձայնագիրին, գումարը պիտի յատկացուի 25 տարիով` տարեկան 5 առ հարիւր տոկոսով:

Միացեալ համակարգող կոմիտէն երէկ Պաքուի մէջ քննարկած է Ախալքալաքէն մինչեւ Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող Քարցախի երկաթուղային հատուածին կառուցման հարցը: Նախահաշիւը ներկայացուցած է ազրպէյճանական «Ազերինշաաթսերվիս» ընկերութիւնը:

Կը նախատեսուի նաեւ քննարկել Պաքու-Թիֆլիս-Պոլիս ուղղութեան շահագործման համար սպանական բարձրարագ շարժակազմի օգտագործումը:

 

Share this Article
CATEGORIES