Պասքեթպոլ. Իրաւարարներու Դասընթացքին Մասնակցելու Վերջին Պայմանաժամը` Ուրբաթ, 18 Ապրիլ

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին իրաւարարներու դասընթացքին մասնակցիլ (անիկա տեղի պիտի ունենայ քանի մը հանգրուանով), պէտք է առաւելագոյնը մինչեւ ուրբաթ, 18 ապրիլ, երեկոյեան ժամը 17:00, իրենց անունները արձանագրեն:

Արձանագրուողները պէտք է ըլլան 18-24 տարեկան:

Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին դասընթացքին մասնակցիլ եւ աւարտին իրաւարարի վկայական ստանալ, պէտք է անձամբ ներկայանան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղին (Ժալ էլ Տիպ, «Ուայթ Հաուս» պանդոկին կից, 3-րդ յարկ), կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 17:00` իրենց հետ բերելով լուսանկար եւ անձնագիրի կամ իխրաժ քայտի լուսապատճէն:

 

Share this Article
CATEGORIES