Նոր Հրատարակութիւններ. «Նիւթեր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար»
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Լոյս տեսաւ «Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան համար» մատենաշարին Ժ. հատորը` խմբագրութեամբ Երուանդ Փամպուքեանի: 544 ծաւալուն էջերու մէջ պարփակուած կոթողային այս հատորն ալ հրատարակուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան օժանդակութեամբ: Տպագրութիւնը իրագործուած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մէջ:
ՀՅ Դաշնակցութեան մօտ քառորդ դարու գործունէութեան, հայ ազատագրական պայքարին նուիրուած պատմութեան համապարփակ մէկ ներկայացումն է մինչեւ Ժ. հատորը համապարփակ ներկայացումով:
Երուանդ Փամպուքեան իր պատմագէտի արթնութեամբ եւ հայեցակարգով մանրազնին սերտողութեամբ յաջողած է ի մի բերել յիշեալ ժամակաշրջանին տեղի ունեցած Դաշնակցութիւն-Օսմանեան պետութիւն կապերը, մասնաւորաբար` Իթթիհատ կուսակցութեան հետ տարիներ տեւած (գրեթէ չորս տարի) համաձայնական գործակցութիւնը, որուն մասին լայն տեղ տուած է իր «Յառաջաբան»-ին մէջ: Հոս կը տեսնենք եւ կը հաստատենք օսմանեան Թուրքիոյ պետական վարչակարգին եւ կուսակցական մարմիններուն տուած խոստումները հայկական նահանգներու եւ գաւառներու բարօրութեան եւ խաղաղ գոյակցութեան համար: Այդ խոստումները միշտ մնացած են զուր խօսքեր` օսմանեան պետութեան ցեղային խարդախ տրամադրութեամբ: Այս իրողութիւնը յաճախ դրսեւորած են թուրքերը` պետութեամբ եւ ժողովրդային զանգուածներու դրսեւորած անմարդկային ախորժակներով: Զարմանալի է նոյն ատեն հայ ժողովուրդին պարբերաբար արտայայտած հաւատքը այնքան շռայլ մատուցուած խոստումներուն ի լուր:
Ե. Փամպուքեան անդրադարձած է յիշեալ ժամանակաշրջանին Ասիայէն Ափրիկէ տարածուած խառնակ պատահարներու, պատերազմական տրամադրութիւններու, ինչպէս Պալքանեան պատերազմը` դէպի Ափրիկէ եւրոպական կարգ մը պետութիւններու թափանցումներու միշտ տիրապետելու տենչով:
Հատորը խմբագրած, տպագրութեան պատրաստած եւ ծանօթագրած Երուանդ Փամպուքեան Ժ. հատորը բաժնած է գլուխներու, իւրաքանչիւրը` կատարուած աշխատանքին մասնայատուկ պատկերը ներկայացնող:
Լայն բացուած էջերը ունին առանձին գլուխներ 23 բաժիններով: Ա. գլուխը յատկացուած է ՀՅԴ եօթներորդ Ընդհանուր ժողովին, որ գրաւած է 9-49 էջերը: Նշենք, որ իւրաքանչիւր գլուխի յատկացուած էջերը նշուած են յստակ բաժիններով առ ի դիւրութիւն ընթերցողին: Յատուկ արձանագրութիւններ կան ՀՅԴ Արեւելեան եւ Արեւմտեան բիւրոներու ծաւալած գործունէութեան: Յոյժ հետաքրքրական, հայոց պատմութեան վերջնագոյն ժամանակաշրջանին իրադարձութիւնները տեղ գտած են հոս: Ընթերցողին համար ապշեցնող, զարմացնող պատմական անցուդարձեր կան, որոնց մասին գուցէ կրնայ լսած ըլլալ ընթերցողը: Մէկ խօսքով, պատմական արխիւ ըլլալով հանդերձ, նաեւ ճանաչողութիւն մըն է հատորը միջազգային քաղաքականութեան, մասնաւորաբար օսմանեան Թուրքիոյ չարամիտ դիւանագիտութեան եւ եւրոպական ու ամերիկեան տարածուն արշաւներուն ծանօթանալու խորունկ սերտողութիւն մը:
Նախորդ հատորներուն նման` Ժ. հատորը եւս ունի անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր: Անձնանունները` 516-521 էջերու վրայ իսկ տեղանունները` 522-528 էջերուն մէջ:
Հատորին այս բաժինը կը պահանջէ խոր գիտութիւն Հայաստանի աշխարհագրութեան մասին, մեծ քաղաքներէն մինչեւ յետին գիւղերը եւ աննշան շէները: Անձնանունները եւս անկասկած խմբագիրէն պահանջած են անսահման համբերութիւն եւ մանաւանդ հաւատք` իր կատարած սպառիչ գործունէութեան նկատմամբ: Երուանդ Փամպուքեանի այս նուիրումը անկարելի ըսելու չափ բացառիկ աշխատանք կ՛ենթադրէ: Սերունդներու յանձնուած հատորներ, հայ ժողովուրդի անցեալէն եկած ու դէպի ապագայ գացող պատմութիւն, վաւերական եւ իբրեւ աղբիւր ծառայելու գալիք պատմաբաններու, հայ ժողովուրդին պատմութիւնը ուսումնասիրողներուն ճակատագրուած:
Թէ որքա՞ն ժամանակ տրամադրած է Ե. Փամպուքեան այս «արկածախնդրական» ծառայութեան համար, Աստուած գիտէ: Մեր գիտցածն ու տեսածը այն է, որ ան բազմիցս երթեւեկեց Լիբանանէն Միացեալ Նահանգներ, մասնաւորաբար` Նիւ Եորք, Պոսթըն շրջանները, ուր կուտակուած էին ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւնը վկայող արխիւները: Բացի գրական, ուսումնասիրական եւ յարատեւութիւն պահանջող քրտնաջան աշխատանքէ, կայ նաեւ նիւթական յանձնառութիւնը, որուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան, անոր ուշադիր հետեւողութեան ի խնդիր հայ մշակոյթի եւ հայ ժամանակակից պատմութեան պահպանման:
Ե. Փամպուքեանի պարտաճանաչ գործակիցը եղած է այս հրատարակութեան յաջողութեան համար, Թամար Սնապեան-Սուրճեանը, որ կատարած է հատորին համակարգչային շարուածքը եւ էջադրումը: Ըսենք նաեւ, որ նման պատասխանատուութիւն պահանջող հատորի մը պարագային Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը եւս ունեցած է իր ուշադիր ներդրումը: Բոլորին վարձքը կատար:

