«ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՆԵՐԴՐՈՒՄԻ ԱՊԱՀՈՎ ԵՒ ՅԱՐՄԱՐ ՄԻՋԱՎԱՅՐ ՄԸՆ Է» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան վստահութեան քուէ ստանալէն ետք վարչական բարեկարգումի առումով նախաձեռնուած հսկայ ծրագիր մը գործադրելու հեռանկարները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Էլիաս Սապան, որ նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի երկրին տնտեսական իրավիճակին:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Լիբանանցի գործատէրերու եւ ճարտարապետներու խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Իսամ Ապու Հասանի:
Հանդիպումին ընթացքին Ապու Հասան նախագահ Սլէյմանին ներկայացուց խորհուրդին աշխատանքները, որոնց ծիրին մէջ փորձեր կը կատարուին արտերկրի լիբանանցիները քաջալերելու, որպէսզի անոնք Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարեն:
Նախագահ Սլէյման ողջունեց պատուիրակութեան աշխատանքները` շեշտելով, որ Լիբանանը ներդրումի ապահով եւ յարմար միջավայր մըն է:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Արժանթինի կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Ապտօ Արպաշը, որ նախագահ Սլէյմանին ներկայացուց Արժանթինի լիբանանեան գաղութին իրավիճակը:
Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահը երէկ ջնջեց Մոնաքօ կատարելիք իր այցելութիւնը: