Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբաններ Թեմերուն Մէջ Աւագ Շաբթուան Առիթով

Այս տարի եւս, Աւագ շաբթուան տօնին առիթով Արամ Ա. կաթողիկոսին տնօրինութեամբ միաբան հայրեր առաքուեցան թեմեր` մասնակից դառնալու Աւագ շաբթուան ու Զատկուան հոգեպարար արարողութիւններուն, եւ իրենց քարոզներով հոգեւոր խանդավառութիւն ստեղծելու հաւատացեալ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Աւագ շաբթուան բոլոր արարողութիւններուն Լիբանանի թեմի եկեղեցիներուն մէջ պիտի մասնակցին միաբան հայրերը: Նաեւ` Լաթաքիա առաքուեցաւ Արտակ աբղյ. Արապեան, Կիպրոս` Պարոյր աբղյ. Շէրնէզեան, Թեհրան` Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան եւ Շնորհք աբղյ. Աշըգեան, Մոնրէալ` Վարդան աբղյ. Թաշճեան եւ Երուսաղէմ` Նարեկ արք. Ալեէմեզեան:

 

Share this Article
CATEGORIES