Իրավիճակը Հալէպի Մէջ` Աւագ Շաբթուան Ընթացքին
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ 17 ապրիլ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն 9:00-ի միջեւ, Հալէպ ցնցուեցաւ երեք ուժգին պայթիւններու պատճառով, որոնք կեդրոնացած էին Հին Հալէպի շրջաններուն, Շէյխ Սայիտ Ալի եւ Հանանօ զօրանոցին շուրջ:
Պայթիւններուն յաջորդեցին սուրիական բանակի եւ զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ երկար ժամեր տեւած բախումներ: Մինչ այդ սուրիական օդուժը օդային յարձակումներ իրականացուց զինեալներու հաւաքատեղիներուն վրայ: Բախումներուն պատճառով տասնեակ մը ընդդիմադիր զինեալներ սպաննուեցան:
Զինուորական ընդհարումները սաստկացան զանազան ուղղութիւններու վրայ, մասնաւորապէս Լերամուն, Ժապրիէ, Շէյխ Սայիտ Ալի, Աղիոլ, Սախուր, Պապ Հատիտ, Ռաշիտին, Հանանօ զօրանոց եւ այլ շրջաններու մէջ:
Միւս կողմէ, զինեալ խմբաւորումներ շարունակեցին տասնեակներով հրասանդեր եւ արկեր արձակել Հալէպի զանազան շրջաններուն, յատկապէս Սուլէյմանիէ, Ժապրիէ, Մէյսելուն, Մաարի, Մոկամպօ եւ Նոր Գիւղ շրջանին վրայ` մարդկային եւ նիւթական լուրջ վնասներ հասցնելով բնակչութեան:
Քաղաքին մէջ լսուեցան շտապ օգնութեան ինքնաշարժներու ազդաձայները. անոնք վիրաւորները տեղափոխեցին հիւանդանոցներ:
Ռմբակոծումներուն եւ կրակոցներուն պատճառով զոհուեցան մօտ 40 քաղաքացիներ եւ վիրաւորուեցան աւելի քան 100 հոգիներ, որոնց մէջ նաեւ հայ մը:
Թէեւ հայաբնակ շրջանները առայժմ զինուորական գործողութեանց դաշտ չեն, սակայն անոնք կը մնան գրեթէ կազմալուծուած, յատկապէս Սուլէյմանիէի, Ազիզիէի, Թելեֆոն Հաուայի եւ այլ շրջաններ` տեղատարափ կրակոցներու, ինչպէս նաեւ հրասանդերու եւ հրթիռներու պայթումներուն պատճառով:
Պատերազմական ծանր իրավիճակին առընթեր Հալէպ մուտքի ճամբաները փակ ըլլալուն պատճառով քաղաք չէին հասներ սննդամթերք եւ կենսական նիւթեր, այժմ այդ օժանդակութիւնները Հալէպի մուտքն են եւ կը սպասեն յարմար առիթին:
Պէտք է նշել, որ շրջանին մէջ կացութիւնը այժմ յարաբերաբար աւելի հանդարտ է:

