24 Ապրիլին Իւրաքանչիւր Հայ Պարտի Յարգանք Պարտադրել

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին սեմին, հինգշաբթի, 24 ապրիլին, Լիբանանի հայութիւնը հրաւիրուած է հաւաքաբար, միասնական շարքերով եւ նորահունչ ուժականութեամբ ոգեկոչելու Հայասպանութեան 99-ամեակը:

Ցարդ կատարուող ձեռնարկներն ու տակաւին կատարուելիք ոգեկոչման հանդիսութիւններն ու ելոյթները բազում են եւ տեսակաւոր:
Հինգշաբթի, 24 ապրիլը սակայն տարբեր պէտք է ըլլայ Լիբանանի հայութեան համար:

Չորեքշաբթի երեկոյեան ծայր առած մոմավառութեամբ, հարիւրամեակին յաւելեալ ուժգնութիւն ու մղում տալու յանձնառութեամբ, Լիբանանի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ հրաւիրուած է 24 ապրիլին օրը գէթ, առանց երկմտանքի, տատանումի թէ պատճառաբանութեան ու մանաւանդ առանց իմաստակութեան գիտակցելու, թէ 24 ապրիլը` յիշելու, յիշեցնելու եւ պահանջքի օր է:

Եւ առ այդ` իւրաքանչիւր հայ, ո՛ւր որ ալ ըլլայ, ի՛նչ յարանուանութեան, գաղափարական ուղղութեան, հոսանքի, շրջանակի թէ աշխարհագրական տարածքի պատկանի, պարտի յիշել, յիշեցնել ու պահանջել:

Ու միաժամանակ` յարգե՛լ յիշատակը մեր նահատակներուն, այսինքն` մեր մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն, մեր անմիջական ու հեռաւոր ազգականներուն ու պարագաներուն, որոնք սպաննուեցան թուրքին կողմէ:

Այսպէս,

Իւրաքանչիւր գործատէր, փոքր խանութպան, թէ մեծ վաճառանատէր, պարտի փակել իր հաստատութիւնը ոչ միայն հայահոծ շրջաններու մէջ, այլ նաեւ նոյնիսկ հոն, ուր 1 հայ գոյութիւն ունի, որպէսզի մեր շրջապատը, գնորդը, յաճախորդը, դիմողը գիտնայ, թէ ինչու հայ գործատէրը փակ պահած է իր վաճառատունը:

Իւրաքանչիւր հսկայ գործառնութեան տէր, գործարանատէր, պարտի փակել իր հաստատութիւնը եւ ոչ միայն արձակուրդի իրաւունք տալ միայն հայ բանուորին, այլ բոլորին, որպէսզի բոլորը գիտնան, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ հայ գործարանատէրը կը յիշէ, կը յիշեցնէ ու կը պահանջէ:

Դրամատուներու, ընկերութիւններու, հանրային թէ սեփական պաշտօնատուներու մէջ աշխատող իւրաքանչիւր հայ պաշտօնեայ պարտի բացակայիլ իր աշխատանքէն, (թէկուզ իր տարեկան արձակուրդին հաշուոյն), որպէսզի իր շրջապատը, միւս պաշտօնեաները, գործատէրերն ու յաճախորդները գիտնան, թէ հայ մարդը ինչպէ՛ս կը յարգէ իր նահատակներն ու կը յիշէ, կը յիշեցնէ եւ կը պահանջէ:

Համալսարաններու հայ ուսանողները, որոնք յաճախ քմայքի համար արձակուրդ կ՛առնեն իրենց դասերէն, պարտին հինգշաբթի, 24 ապրիլին բացակայիլ համալսարաններէն, որպէսզի դասախօս թէ դասընկեր տեսնեն, թէ հայ ուսանողը Ցեղասպանութենէն 99 տարի ետք ինչպէ՛ս տակաւին կը յիշէ, կը յիշեցնէ եւ կը պահանջէ:

Իր զաւակը օտար վարժարան ղրկող ծնողքը պարտի գիտակցիլ, որ 24 ապրիլին հայ աշակերտին տեղը միայն ոգեկոչման հանդիսութեանց մէջ է եւ պարտի այդ աշակերտը յարգել իր մեծ հայրերուն յիշատակը: Անոր դասընկերներն ու հայ ծնողներու վճարած առատ կրթաթոշակներով ապրող ու բարգաւաճող դպրոցներու տնօրէնութիւններն ու ուսուցչական կազմերը պարտին իրենք եւս իրենց յարգանքի տուրքը մատուցել Ցեղասպանութեան զոհերուն:

Ոչ հայկական վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող հայ ուսուցիչը, հայախօս ըլլայ ան թէ արաբախօս, պարտի 24 ապրիլին իր բացակայութեամբ յիշեցնել իր աշակերտներուն, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Ցեղասպանութեան զոհ ըլլալ ու յարգալիր հայ:

Հայ բժիշկը, դեղագործը, փաստաբանը եւ տարբեր գրասենեակներու տէրերը պարտին իրենց կեցուածքով փաստել, թէ հայկական իրենց պատկանելիութեամբ ինչպէ՛ս կրնան յիշել ու յիշեցնել Ցեղասպանութեան ոճիրը:

Այլ խօսքով, հինգշաբթի, 24 ապրիլին, Լիբանանի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայ, որ կը կրէ հայկական արիւն, պարտի չգտնուիլ հոն, ուր ամէն օր կը գտնուի, եւ յաճախ կը ստիպուի բացակայիլ այս կամ այն կուսակցութեան կոչին անսալով, կամ այս կամ այն կողմի նահատակին առ ի յարգանք:

Հինգշաբթի, 24 ապրիլին, հայը պիտի յարգէ հայ նահատակին յիշատակը:

Հինգշաբթի, 24 ապրիլին հայը իր քաջ կեցուածքով պարտի յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել:

Հակառակին պատճառաբանութիւններն ու քննարկումները անիմաստ են:

Մենք մեր նահատակները յարգելով միա՛յն յարգանք կը պարտադրենք Լիբանանի միւս բաժնեկից քաղաքացիին:

 

Share this Article
CATEGORIES