Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Շապապ Հումին Թահթա
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումները կ՛աւարտին այսօր` շաբաթ, 19 ապրիլին, երբ տեղի կ՛ունենան վերջին` Գ. հանգրուանի մրցումները:
Տեղի ունենալիք երկու մրցումներուն արդիւնքներուն հիման վրայ կը յստականայ այն երկրորդ խումբին անունը, որ Իսլահ Պըրժ Շիմալիի հետ պիտի բարձրանայ Բ. դասակարգ:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ այսօր յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, Սաֆայի դաշտին վրայ պիտի մրցի Շապապ Հումին Թահթայի դէմ, անպայման յաղթանակ մը պէտք է արձանագրէ իր մրցակիցին դէմ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի այսօր ուղղուիլ Սաֆայի դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի տղաքը:
CATEGORIES Մարզական

