Հայոց Ցեղասպանութեան 99-Ամեակ. Լիբանանեան Մամուլին, Ելեկտրոնային Եւ Լսատեսողական Միջոցներուն Անդրադարձը
Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին առիթով լիբանանահայութեան կողմէ կազմակերպուած զանազան ձեռնարկները լայն անդրադարձ գտան լիբանանեան լրատուամիջոցներուն մէջ:
Մամուլէն բացի, ուշագրաւ էր նաեւ պատկերասփիւռի կայաններուն կողմէ ցուցաբերուած ուշադրութիւնը եւ հայութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակի ոգեկոչումը օրուան լուրերէն ներկայացնելու նախանձախնդրութիւնը:
«ՆԱՀԱՐ»
«Նահար» օրաթերթը 24 ապրիլի իր թիւին մէջ անդրադարձած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինի կազմակերպած քայլարշաւ-մոմավառութեան, որ տեղի ունեցաւ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ:
Նոյն թիւով «Նահար» օրաթերթը ակնարկած էր Մարոնի համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազենի հրապարակած հաղորդագրութեան, որուն մէջ ան հայութեան եւ լիբանանցիներուն պատմութեան միջեւ զուգահեռներ գծեց` նկատի ունենալով, որ երկու ժողովուրդներն ալ ենթարկուած են Օսմանեան կայսրութեան անիրաւութեան եւ բազմաթիւ նահատակներու արիւնը թափած է` փրկելու համար ազատութիւնն ու անկախութիւնը:
25 ապրիլի իր թիւով «Նահար» շեշտեց, որ ՀՅԴ ուսանողական եւ երիտասարդական շարժումները իրենց հայեացքը սեւեռած են դէպի թրքական դեսպանատուն եւ հոն հաւաքուած են պահանջելով Թուրքիայէն ճանչնալ ցեղասպանութիւնը եւ հատուցել հայ ժողովուրդին կրած վնասները:
Բողոքի ցոյցին մասին իր լրատուութեան մէջ «Նահար» ակնարկած էր դեսպանատան շրջակայքը որդեգրուած ապահովական խիստ միջոցառումներուն, ինչպէս նաեւ այն իրականութեան, որ բազմամարդ այդ ցոյցին ընթացքին ոչ մէկ հարց կամ բախում արձանագրուեցաւ ապահովութեան ուժերուն եւ ցուցարարներուն միջեւ:
«Նահար» աւելցուց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ մերժած է ցոյցին մասին օրաթերթին հարցումներուն պատասխանել, այլ յանձնարարած է նկատի ունենալ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի եւ թուրք պատասխանատուներուն կատարած ցաւակցութիւնները` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով:
«Նահար» իր լրատուութիւնը եզրափակած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կատարած այն յայտարարութեամբ, թէ հայութիւնը թրքական պետութեան ցաւակցութեան եւ բարոյախօսութեան կարիքը չունի, այլ կը պահանջէ անոր կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը:
Նոյն թիւին մէջ, օրաթերթը անջատ լուրով մը ակնարկեց նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան, որ կ՛անտեսէր Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կատարած ցաւակցութիւնը` ընդգծելով, որ Թուրքիա տակաւին կը շարունակէ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ ուրացումի քաղաքականութիւնը:
«ՏԻԱՐ»
«Տիար» օրաթերթը անդրադարձաւ Մարոնի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենի հաղորդագրութեան, որուն ընդմէջէն ան ողջունեց հայ նահատակներուն յիշատակը եւ պարտք նկատեց անոնց առջեւ խոնարհիլը:
25 ապրիլի իր թիւով «Տիար» երկու հսկայ խորագիրներու տակ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն, ինչպէս` քայլարշաւ-մոմավառութեան, հոգեհանգիստին, բողոքի ցոյցին եւ Ասորիներու լիկային տուած մամլոյ ասուլիսին:
Բոլոր այս ձեռնարկները համախմբող լուրը կը կրէր հետեւեալ խորագիրը. «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին առիթով Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը բողոքի ցոյց մը կը կատարէ թրքական դեսպանատան դիմաց եւ քայլարշաւ-մոմավառութիւն կը կազմակերպէ:
«Արամ Ա. կաթողիկոս. «Թուրքիոյ պետութեան ցաւակցութիւններուն կարիքը չունինք, այլ` կը պահանջենք ճանաչումն ու հատուցումը»:
Լիբանանահայութեան ոգեկոչումի ձեռնարկներէն բացի, «Տիար» օրաթերթը հրատարակած է ընդարձակ յօդուած մը, որ կ՛ընդգրկէ հայութեան դէմ Օսմանեան կայսրութեան գործած ցեղասպանութեան յատուկ փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ պատմաբաններու կողմէ կատարուած աշխատութիւններ եւ այդ հանգրուանին տիրող դէպքերուն պատմական ընդհանուր ակնարկ մը:
Այլ յօդուածով մը, «Տիար» ակնարկութիւն կատարեց նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ հայութեան ներկայացուած ցաւակցութեան եւ անոր նկատմամբ Հայաստանի ցուցաբերած մերժումի քաղաքականութեան:
«ՍԱՖԻՐ»
«Սաֆիր» օրաթերթը երկու տարբեր լրատուութիւններու ընդմէջէն ներկայացուց Լիբանանի եւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչումի յատուկ ձեռնարկները, ինչպէս նաեւ ակնարկեց Էրտողանի ցաւակցութեան եւ անոր նկատմամբ հայկական անտարբերութեան ու ժխտական մեկնաբանութիւններուն:
Միւս կողմէ, «Սաֆիր» հրատարակեց նաեւ իր յօդուածագիրներէն թրքագէտ Մոհամետ Նուրէտտինի յօդուածը, որուն մէջ ան ցեղասպանութեան մասին պատմական հակիրճ ակնարկէ մը ետք լուսարձակի տակ առաւ Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընթացքն ու անոր գործած պատմական սխալները:
Նուրէտտին անդրադարձաւ նաեւ 16 հայ մտաւորականներու եւ նշանաւոր հայերու կողմէ «Ակօս» օրաթերթին ուղղուած նամակներուն, որոնց լոյսին տակ ան նշեց թուրք գրող Պիրիհան Մակիտինի յուսախաբութիւնը, այն առումով, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը քեմալականներուն նման է եւ անոնցմէ աւելի ալ վատ, որովհետեւ անիկա Թուրքիան նահանջի մէջ զետեղած են:
«ՏԷՅԼԻ ՍԹԱՐ»
Լիբանանեան անգլիատառ «Տէյլի սթար» օրաթերթը երէկուան իր թիւով հրապարակեց «Հայաստան կը մերժէ թրքական ցաւակցութիւնները» խորագրեալ յօդուած մը, որուն մէջ ան ակնարկեց Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին առիթով եւ առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի ցաւակցութեան եւ անոր նկատմամբ Հայաստանի ցուցաբերած անտեսումի եւ մերժումի կեցուածքին, որ արտայայտուած էր նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:
Այս շրջագիծին մէջ յօդուածը կ՛անդրադառնայ նաեւ 90-ամեայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի կողմէ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան արտայայտած կեցուածքին, որուն ծիրին մէջ Ազնաւուր շեշտեց, թէ Էրտողանի կեցուածքը ո՛չ ճանաչում էր եւ ո՛չ ներման հայցում:
Յօդուածը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի մէջ տիրող ընդհանուր սուգի մթնոլորտին եւ ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելու զանազան աւանդութիւններուն:
«Տէյլի սթար»-ի յօդուածը անդրադարձաւ նաեւ Պոլսոյ Թաքսիմի հրապարակին վրայ կատարուած ոգեկոչումին ու ցոյցին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կատարած յայտարարութիւններուն:
Օրաթերթը ոչինչ նշած է Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան առիթով կատարուած ոգեկոչումներուն մասին, իսկ յօդուածը եզրափակուած է հետեւեալ պարբերութեամբ. «Հայերը կ՛ըսեն, թէ մէկուկէս միլիոն հայ սպաննուած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, մինչ Թուրքիա կը հաստատէ, որ 300-500 հազար հայեր, ինչպէս նաեւ հարիւր հազարաւոր թուրքեր սպաննուած են, երբ հայերը Օսմանեան կայսրութեան դէմ փորձած են ելլել` Ռուսիոյ զօրավիգ կանգնելով»:
«ԼՕՐԻԱՆ ԼԸ ԺՈՒՐ»
Լիբանանեան ֆրանսատառ «Լօրիան Լը Ժուր» օրաթերթը իր 25 ապրիլի թիւին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն: Օրաթերթը մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ Արամ Ա. վեհափառին Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին արտասանած խօսքը: Ապա կ՛անդրադառնայ Ռապիէի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ ՀՅԴ-ի երիտասարդական եւ ուսանողական թեւերու կազմակերպութեամբ Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջով կատարուած բողոքի ցոյցին:
Օրաթերթը նաեւ կ՛անդրադառնայ 23 ապրիլին տեղի ունեցած քայլարշաւ-մոմավառութեան` նշելով, որ անոր մասնակցած է «մեծաթիւ զանգուած մը»: Օրաթերթը կը նշէ, որ մասնակիցներուն շարքին էր ներքին գործոց նախկին նախարար Զիատ Պարուտ, որ եկած էր յանուն լիբանանցի ժողովուրդին զօրակցելու հայ ժողովուրդին: «Լօրիան Լը Ժուր» կը գրէ, որ Պարուտ այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է. «Այս 24 ապրիլին կը բաժնենք ձեր տխրութիւնը եւ աւելի լաւ վաղուան մը նկատմամբ ձեր յոյսը»` ընդգծելով. «Ճշմարտութեան ժխտումը զայն չի ջնջեր»:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ»
«Ժումհուրիա» օրաթերթը Հայոց ցեղասպանութեան առիթով ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան բողոքի ցոյցին անդրադարձած է մեծ լուսանկարներով, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է բողոքի ցոյցին ընթացքին արտասանուած այն խօսքերուն, որոնք շեշտեցին հայ ժողովուրդին պահանջատէր կեցուածքը եւ Թուրքիայէն պահանջեցին հատուցել հայութիւնը եւ բռնագրաւուած հողերը վերադարձնել անոնց իրաւատէրերուն:
«Ժումհուրիա» անդրադարձաւ նաեւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին արտասանած պատգամին, որուն մէջ ան վերահաստատեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ հատուցելու Թուրքիոյ ուղղուած պահանջը:
Օրաթերթը անդրադարձաւ նաեւ նախկին նախարար Ուատիհ Խազենի հաղորդագրութեան, որուն մէջ ան պարտք կը նկատէր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակի յարգումը:
«ՊԻՆԱ»
«Պինա» օրաթերթը առանձին յօդուածով մը անդրադարձաւ Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչումին, ինչպէս նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կեցուածքներուն, որոնց հիման վրայ ան Թուրքիոյ վարչապետին յայտնած էր, թէ կեցուածքները բառերով կարելի չէ չափել, այլ` ցեղասպանութեան ճանաչումով:
Ապա տարբեր լուրի մը մէջ «Պինա» անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին առիթով Անթիլիասի մայրավանքին մէջ մատուցուած պատարագին եւ անկէ ետք Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ուղղած պատգամին` շեշտը դնելով հետեւեալ կէտին վրայ. «Թրքական ոճրային ծրագիրը ամէնօրեայ դրութեամբ եւ տարբեր ձեւերով կը շարունակուի»:
Երրորդ լուրով մը, «Պինա» լուսարձակի տակ առաւ թրքական դեսպանատան դիմաց ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան պահանջատիրական բնոյթի ցոյցը:
«Պինա» օրաթերթը հրատարակեց նաեւ նախկին երեսփոխան Նասեր Քանտիլի ստորագրութիւնը կրող յօդուածը, որուն մէջ ան զօրակցութիւն յայտնեց հայութեան:
«ԱՆՈՒԱՐ»
«Անուար» օրաթերթը հրապարակեց Ֆուատ Տաապուլի ստորագրութիւնը կրող յօդուած մը, որուն մէջ նշուեցաւ Հայ դատի արդար լուծման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ մէջբերումներ կատարուեցան հայ գրագէտներ Ուիլիըմ Սարոյեանի եւ Սիլվա Կապուտիկեանի գործերէն:
Յօդուածագիրը իր յօդուածը եզրափակած էր ըսելով, որ քաղաքականութեան մէջ հայերը տարբեր քաղաքական ուղեգիծեր ունին, «սակայն ազգային առումով հայկական կուսակցութիւնները գիտեն համախմբուիլ»:
«ՍԱՏԱ ՊԱԼԱՏ»
«Սատա Պալատ» օրաթերթը բաւարարուած էր Երեւանի մէջ 23 ապրիլի գիշերը կատարուած ջահերով աւանդական երթին մէկ լուսանկարը զետեղելով, ինչպէս նաեւ անդրադարձած էր Հայոց ցեղասպանութեան առումով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կատարած յայտարարութեան, թէ անհրաժեշտ է ընդունիլ հայութեան դէմ գործուած ջարդերու իրականութիւնը:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ»
«Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչում. հոգեհանգիստ, բողոքի նստացոյց եւ քայլարշաւ» խորագիրը կրող թղթակցութեան մէջ, «Մուսթաքպալ» օրաթերթը անդրադարձած էր լիբանանահայութեան կողմէ կատարուած այս երեք ձեռնարկներուն` հիմնականին մէջ կեդրոնանալով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ուղղած պատգամին վրայ:
«ՀԱՅԱԹ»
«Հայաթ» օրաթերթը երկու անջատ լուրերու մէջ անդրադարձաւ լիբանանահայութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչումին` շեշտելով, որ հայութիւնը ցաւակցութիւն չ՛ուզեր, այլ կը պահանջէ ճանչնալ ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում կատարել:
Այլ յօդուածով մը «Հայաթ» կ՛անդրադառնայ Էրտողանի կատարած ցաւակցութեան եւ այդ մասին հայութեան հնչեցուցած տարբեր կեցուածքներուն, յատկապէս նախագահ Սերժ Սարգսեանին կողմէ:
«ՇԱՐՔ»
«Շարք» օրաթերթը անդրադարձաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի բողոքի ցոյցին, որ տեղի ունեցաւ թրքական դեսպանատան դիմաց, ինչպէս նաեւ նշեց ցոյցին ընթացքին երիտասարդութեան հնչեցուցած արդարութեան պահանջն ու մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն յիշատակին հաւատարիմ մնալու եւ պայքարը շարունակելու անոր երդումը:
Այլ լրատուութեամբ մը, «Շարք» անդրադարձաւ Երեւանի մէջ կատարուած դէպի Ծիծեռնակաբերդ ջահերով աւանդական երթին, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան մասին Էրտողանի ցաւակցութեան նկատմամբ պաշտօնական Հայաստանի ցուցաբերած մերժողական կեցուածքին:
ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐ
Գրաւոր մամուլին զուգահեռ, ելեկտրոնային լրատուամիջոցները` տարբեր կայքերու ընդմէջէն, անդրադարձան ցեղասպանութեան 99-ամեակի նշումին:
Այդ կայքերն են` «Նաշրա», «Լեպանոն Ֆայլզ» եւ «Ալ Քալիմա Օնլայն»:
Իր կարգին, Ազգային լրատու գործակալութիւնը (www.nna.gov.lb) յանձնառու մնաց ամբողջական անդրադարձով մը ներկայացնելու Լիբանանի մէջ կատարուած հիմնական երեք ձեռնարկները:
ԼՍԱՏԵՍՈՂԱԿԱՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐ
Լիբանանեան պատկերասփիւռի կայանները օրուան լուրերուն իրենց հաղորդումներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ առանձին հարցազրոյցներով եւ յայտագիրներով անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին առիթով լիբանանահայութեան կատարած տարբեր ձեռնարկներուն, սկսեալ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինի
քայլարշաւներէն, անցնելով մինչեւ Անթիլիասի մայրավանքի պատարագն ու անոր յաջորդող ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական թեւերուն կազմակերպած բողոքի ցոյցը, որ կատարուեցաւ թրքական դեսպանատան դիմաց, ինչպէս նաեւ հայկական շրջաններուն մէջ բոլոր դպրոցներն ու վաճառատուները փակ պահելու իրականութեան:
Լիբանանեան «Էմ. Թի. Վի.», «Էլ. Պի. Սի.», «Օ. Թի. Վի.», «Ժատիտ» եւ «Մուսթաքպալ» կայանները, ինչպէս նաեւ արբանեակային պատկերասփիւռի «Մայատին» կայանը յատուկ յայտագիրներ նուիրեցին Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին:
Յայտագիրներուն հիւրաբար մասնակցեցան եւ կամ յայտարարութիւն կատարեցին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան եւ ՀՅԴ տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ցոլեր Թալաթինեան:

