Թուրքիոյ Մէջ Հայաստանի Դրօշին Փոխարէն Սխալմամբ Այրած Են Քոլոմպիոյ Դրօշը

2704TurkeyԵրեւանի մէջ Թուրքիոյ դրօշի հրկիզումէն զայրացած տասնեակ մը թուրքեր Իգտիրի մէջ ուզած են այրել Հայաստանի դրօշը, սակայն հրապարակուած լուսանկարները ցոյց կու տան, որ անոնք սխալմամբ այրած են ոչ թէ Հայաստանի, այլ` Քոլոմպիոյ դրօշը, որուն գոյներուն դասաւորումը Եռագոյնին հակառակն է:

Թրքական «Փոսթա» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Իգտիրի կեդրոնը հաւաքուած է 10 հոգինոց խումբ մը, որ փողոցէն անցնող թրաքթէօրի վարորդէն վառելանիւթ խնդրած է եւ հրկիզած Հայաստանի ենթադրեալ դրօշը:

Արարքին կազմակերպիչները եղած են ազգութեամբ ազրպէյճանցիներ, որոնք յայտարարած են, թէ զիրենք շատ զայրացուցած է հայերու` «թուրքերուն նկատմամբ ունեցած անյարգալից եւ թշնամական վերաբերմունքը»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )