Նալբանդեան Անդրադարձած Է Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւններուն

Nalbandian_delegaton-of-Foreign-Policy-Society-of-Finland26 ապրիլին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է Ֆինլանտայի հեղինակաւոր «Փաասիքիվի» արտաքին քաղաքական ընկերակցութեան պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին Ֆինլանտայի քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, դիւանագէտներ եւ վերլուծաբաններ:

Նալբանդեան հիւրերուն ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները, տարբեր երկիրներու եւ շրջաններու հետ գործընկերային յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած քայլերը, շրջանային խնդիրներ եւ անոնց լուծման վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ ձեռնարկուող ջանքերը: Ան պատասխանած է նաեւ ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն:

Պատասխանելով հարցումներէն մէկուն` նախարար Նալբանդեան անդրադարձած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի այն պնդումին, թէ Ցիւրիխի մէջ արձանագրութիւններու ստորագրման արարողութեան ընթացքին իր չարտասանած խօսքին եւ 23 ապրիլին Թուրքիոյ վարչապետի յայտարարութեան բովանդակութիւնը նոյնն է: Նալբանդեան նշած է, որ թերեւս Տաւութօղլու կը մոռնայ, որ 10 հոկտեմբեր 2009-ին Ցիւրիխի մէջ կային այլ մասնակիցներ, որոնք կրնան յիշեցնել, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ տեղի ունեցած է:

«Յիշեցնեմ, որ գոյացած պայմանաւորուածութեան համաձայն, Ցիւրիխի մէջ արձանագրութիւններու ստորագրման արարողութեան բոլոր ելոյթ ունեցողները պէտք է նախապէս տրամադրէին իրենց խօսքերուն բնագիրները: Թուրքիան խախտեց այդ համաձայնութիւնը: Եւ այդ էր պատճառը, որ ստորագրման արարողութիւնը յետաձգուեցաւ, մինչեւ որ թրքական կողմը ստիպուած եղաւ տրամադրել իր խօսքին բնագիրը:

Ստորագրման արարողութեան բոլոր մասնակից երկիրներու ներկայացուցիչները անընդունելի նկատեցին թրքական կողմի խօսքի բնագիրը եւ առաջարկեցին արարողութիւնը կատարել առանց խօսքերու, եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ստիպուած եղաւ ատոր համաձայնիլ: Այդ էր պատճառը, որ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ շուրջ երեք ժամ ուշացումով: Աւելի՛ն, ներկայ եղող արտաքին գործոց նախարարները ստորագրման արարողութենէն անմիջապէս ետք կատարեցին հրապարակային մեկնաբանութիւններ` ընդգծելով, որ ստորագրումէն ետք կատարուած որեւէ յայտարարութիւն չի կրնար ազդեցութիւն ունենալ արձանագրութիւններուն մէջ ամրագրուած համաձայնութիւններուն վրայ:

«Եթէ թրքական կողմը կը կարծէ, որ այսօր կարելի է վերակենդանացնել այն, ինչ որ մերժուած է բոլորին կողմէ չորսուկէս տարի առաջ, ապա ատիկա ապարդիւն է եւ անհեռանկարային:

«Ի միջի այլոց, նոյնը ես ըսի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին` անցեալ տարուան դեկտեմբերին` Երեւանի մէջ», շեշտած է Նալբանդեան եւ աւելցուցած. «Զարհուրելի պիտի ըլլար պատկերացնել, որ Ողջակիզումի, Քամպոտիոյ, Ռուանտայի, մարդկութեան դէմ այլ ոճիրները իրականացնողները կարելի է զոհերուն հետ նոյն հարթութեան վրայ դնել:

«Տակաւին 99 տարի առաջ` 1915-ի մայիս 24-ին յատուկ հռչակագիրով Ռուսիան, Ֆրանսան եւ Բրիտանիան, նախազգուշացուցին հայ ժողովուրդին դէմ կոտորածներ կատարողները, որ անոնք պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ գործած` Թուրքիոյ այս նոր յանցագործութիւններուն համար»: Ըսուածը արդիական է միջազգային ընտանիքին համար` կանխարգիլելու նոր ցեղասպանութիւններ, մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւններ»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )