Եւրոպական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլ Ոսկի Առիթ Մը Փախցուց Անգլիոյ Ախոյեան Հանդիսանալու
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիվըրփուլ ոսկի առիթ մը փախցուց Անգլիոյ ախոյեան հանդիսանալու առումով, երբ 2-0 արդիւնքով չսպասուած պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Չելսիէն: Յաղթանակ մը արձանագրելու պարագային, Լիվըրփուլ պիտի հանդիսանար ախոյեան` տարեշրջանի աւարտէն 2 հանգրուան առաջ:
Սակայն այժմ պայքարը աւելիով սրեցաւ երկու խումբերուն եւ Մանչեսթըր Սիթիի միջեւ, մանաւանդ որ վերջինս, որ մրցում մը նուազ կատարած է, յաղթանակ մը արձանագրեց:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ` 4-0 արդիւնքով ջախջախելով Նորուիչը:
Սպանիոյ մէջ Աթլեթիքօ Մատրիտ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Վալենսիայի դաշտէն: Ռաուլ Կարսիա նշանակեց Աթլեթիքոյի կոլը (42-րդ):
Տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց նաեւ Ռէալ Մատրիտ` 4-0 արդիւնքով ջախջախելով Օսասունան: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեց երկու կոլ (6-րդ եւ 52-րդ):
Ինչ կը վերաբերի Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 35-րդ հանգրուանի մրցումներուն, իր կարգին պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն ձախողեցաւ տիտղոսին տիրանալ, երբ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սոշոյի հետ: Յաղթանակի մը պարագային մայրաքաղաքի կազմը պիտի հանդիսանար ախոյեան` տասը կէտի առաւելութիւն մը ունենալով իր անմիջական մրցակիցին` Մոնաքոյի վրայ, որ 4-1 արդիւնքով յաղթեց Աժաքսիոյի:
Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է երեք հանգրուան:

