Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ամշիթ 1-0 Արդիւնքով Յառաջացաւ ՀՄԸՄ-ի Վրայ

Սաժես - Թատամոն մրցումէն PROFOTO

Սաժես – Թատամոն մրցումէն PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումները սկսան նախորդ շաբաթավերջին, երբ կատարուեցան վեց ճակատումներ:

ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբը, որ հիւրը եղաւ Ամշիթի, 92-88 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ (29-20, 46-43, 68-68 եւ 92-88):

ՀՄԸՄ-էն 23 կէտ եւ 12 ռիպաունտ նշանակեց Թերենս Լիթըր, ապա յաջորդաբար Ճօ Վոկըլ նշանակեց 20 կէտ, 12 ռիպաունտ, Հայկ Կէօքճեան` 20 կէտ, 7 ռիպաունտ, իսկ Տիոն Տիքսըն` 19 կէտ, 4 ռիպաունտ:

Ամշիթէն 25-ական կէտ նշանակեցին Ֆատի Խաթիպ եւ Ժերեմիա Մեսսի:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ամշիթ 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ ՀՄԸՄ-ի վրայ: Անոնց միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 2 մայիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

Իր կարգին, Սաժես 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ Թատամոնի վրայ` 84-70 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագելով (18-18, 43-40, 64-56 եւ 84-70):

Ռիատի, որ հիւրընկալեց Շանվիլը, 74-50 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (21-16, 34-25, 48-37 եւ 74-50): Անոնց միջեւ տեղի ունեցած երկրորդ ճակատումը, որ կատարուեցաւ երէկ` Տիք Մըհտիի մէջ, աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Շանվիլի յաղթանակով` 75-66 արդիւնքով:

Շանվիլէն Վլատան Վուքոսավլեւիչ նշանակեց 32 կէտ, մինչ Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ահմետ Իպրահիմ (17):

Ինչ կը վերաբերի երէկ տեղի ունեցած երկրորդ մրցումին, Պիպլոս 74-65 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ Մութթահետի վրայ:

Մութթահետէն Ռոնալտ Միւրէյ նշանակեց 25 կէտ:

Այսօր մրցում չկայ կատարուելիք:

Share this Article
CATEGORIES