Էրկուն Պապահան. 1915-ը Ցաւատանջ Խնդիր Դարձած Է Հիմա

logo-t24ԹԷ-24 համացանցային թերթին կայքէջին վրայ Էրկուն Պապահանի ստորագրութեամբ կը կարդանք հետեւեալ շատ հետաքրքրական յօդուածը.

Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմԷ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի մը ընդունուիլը զօրաշարժի կոչեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներն ու թրքական Կիպրոսի դիւանագիտութիւնը: Իրականութեան մէջ ասիկա գործողութիւն մըն էր, որ ամերիկացիները կ՛առկախէին Թուրքիան չվշտացնելու համար: Իսկ Թուրքիոյ ամբողջ աշխատանքը կը միտի մէկ նպատակի. առանց կարեւոր արկածի շրջանցել 2015 թուականը եւ պատմութեան մէջ թաղել հայկական խնդիրը: Անոնք սպաննեցին, մենք ալ սպաննեցինք, այսքան:

Հիւանդագին վերաբերում է 1915-ի պատահարներու խնդիրը կապել միայն Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի առնելիք կամ չառնելիք մէկ որոշումին: Ըստ այս մտայնութեան, եթէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը չընդունի հայկական պնդումները, մենք անգամ մը եւս յաղթած պիտի ըլլանք հայերուն եւ պաշտպանած պիտի ըլլանք մեր նախնիներուն անունը:

ergun-babahanՄիշտ ըսած եմ: Եթէ Հիթլեր թուրք եղած ըլլար, անկասկած անոր ալ տէր կը կանգնէինք, կը սկսէինք ըսել, որ` «Հրեաներն ալ այլեւս չափը անցուցած էին»: Այսպիսի պատրուակներ կը գտնէինք, որովհետեւ մենք աշխարհի ամէնէն մաքուր, գորովագութ պետութիւնները հիմնած ժողովուրդ ենք, եւ ամբողջ աշխարհ կը նախանձի մեզմէ:

Մինչդեռ բուն խնդիրը ծնունդ կ՛առնէ այն իրողութենէն, որ հաւաքականութիւն մը չէ կրցած երես առ երես գալ իր անցեալին հետ եւ կուրօրէն կը հաւատայ այն սուտերուն, զորս սորվեցուցած են իրեն եւ քաջութիւնն ալ չունի պետութեան ըսածը հարցուփորձելու:

Դէպքը հետեւեալն է: Հարիւրաւոր տարիներ իր հողերուն վրայ ապրած ժողովուրդ մը Իթթիհատ վէ թերաքքըի կողմէ 1915-ի մարտ ամսուան մէջ ընդունուած որոշումով մը սրբուեցաւ այս հողերէն: Այս մաքրագործումը հելլէններուն հետ եղած փոխանակումի ձեւով չեղաւ, ասիկա կատարուեցաւ ցեղային ամբողջական մաքրագործումի ձեւով:

1915 թուականի մարտ ամսուան այդ ժողովի ընթացքին հայկական հարցը լուծելու պարտականութիւնը դրուեցաւ Պեհաէտտին Շաքիրի վրայ, եւ որպէս լուծման եղանակ` ընդունուեցաւ բռնի տեղահանութեան օրէնք մը: Պեհաէտտին Շաքիրի տրամադրութեան տակ դրուեցան Յատուկ ուժեր կոչուած մարմինները, որոնք այսօրուան Էրկենեքոնը կրնան նկատուիլ: Վերջին հաշուով, ցեղասպանութիւնն ալ այդ Յատուկ ուժեր կոչուածներուն կողմէ կատարուեցաւ: Այս գործողութիւնը ունի երկու ոտքեր, մէկը պաշտօնական, միւսը` անպաշտօն: Նախ` ներքին գործոց նախարարութիւնը գաւառի իր կառավարիչներուն ղրկեց տեղահանութեան հրահանգը, անկէ ետք ալ Իթթիհատ վէ թերաքքըի Կեդրոնական կոմիտէն ղրկեց անպաշտօն հրահանգ` բռնի տեղահանութեան ենթարկուած այս մարդիկը բնաջնջելու մասին:

Կուսակցութեան քարտուղարներն էին, որ այս գաղտնի հրահանգները տարին գաւառ, բայց ընդհանրապէս Պեհաէտտին Շաքիրն է, որ նահանգ առ նահանգ շրջելով` անձամբ տուած էր հրահանգները: Թալէաթ փաշա իրենց կեանքը փրկելու համար մահմետականութիւնը ընդունող հայերն իսկ չընդունեց, չարտօնեց, որ անոնք շարունակեն մնալ իրենց հայրենիքին մէջ: 1 յուլիս 1915 թուակիր հեռագրով մը հրամայեց, որ կրօնափոխ եղածներն ալ աքսորուին իրենց տեղերէն:

Թրքական աղբիւրներու համաձայն, նախքան սպանդին գործադրուիլը` հայկական բնակչութեան թիւը մէկ միլիոն 300 հազար էր: Հայոց եկեղեցին այս մասին աւելի բարձր թիւ մը կու տայ եւ կը պնդէ, որ 2 միլիոն 100 հազար հայեր կ՛ապրէին: Այս մարդոց շատ փոքրիկ մէկ մասը կրցած է մնալ իր տեղը: Հայերէն մնացած ինչքերն ու գոյքերը թուրքերու տրուեցան, եւ այս կերպով ստեղծուեցաւ նոր քաղքենիութիւն մը:

Նպատակն ալ հետեւեալն էր. Պալքաններու մէջ կորսուած հողերուն փոխարէն` Անատոլուի մէջ ստեղծել թուրքերու հայրենիք մը, յայտնաբերել թրքական նոր քաղքենիութիւն մը եւ այս հողերէն մաքրագործել հայերը, որոնք անվստահելի կը նկատուէին:

Յատուկ ուժերու կոտորածին յանձնուած հայերուն թիւը ոմանց կողմէ կը գնահատուի որպէս 300 հազար, ոմանց կողմէ ալ` 800 հազար: Թիւը ինչ որ ալ ըլլայ, նպատակը ճիշդ այն նպատակն էր, զոր Հիթլեր պիտի հետապնդէր 30 տարի վերջ` հրեաները բնաջնջելու համար:

Տարածքը ազատել անբաղձալի ժողովուրդէ մը: Ի վերջոյ ստեղծուեցաւ երկիր մը, որուն բնակչութեան 99 տոկոսը մահմետական էր: Բայց աւելի վերջ քրտական ապստամբութիւնները ցոյց պիտի տային, որ կրօնին հասարակաց ըլլալը չէր բաւեր, ցեղային տարբերութիւններն ալ դեր կը կատարէին:

Անատոլուն թրքացնելու իթթիհատականներուն քաղաքականութիւնը հանրապետական շրջանին ալ շարունակուեցաւ Թրակիոյ պատահարներով, 6-7 սեպտեմբերի դէպքերով, որոնցմով ապահովուեցաւ, որ յոյներն ալ մաքրուին այս հողերուն վրայէն:

Օսմանեան պետութեան հիմնադրութեան օրէն միասին ապրող այս ժողովուրդներուն բնաջնջումը ի վերջոյ պատճառ դարձաւ, որ Անատոլուն ու Պոլիսը մշակութային ու պատմական տեսանկիւնէն աղքատանան, եւ մարդիկն ալ ապրէին ծանր ցաւեր:

Թուրքիա հարիւր տարիէ ի վեր կը կանգնի 1915-ին ու 6-7 սեպտեմբերի ետին: Մինչդեռ ամէն մարդ գիտէ արդէն, որ ասոնցմէ առաջինը իթթիհատականներու յատուկ ուժերուն, երկրորդն ալ հանրապետութեան Յատուկ ուժերուն կողմէ իրագործուած են:

«Լախտ»-ի ու Էրկենեքոնի դատերուն տէր կանգնող ինչ-ինչ պահպանողականներ բացարձակապէս չեն ընդունիր, որ իթթիհատականներուն Յատուկ ուժերը կոտորեցին հայերը:

Մինչդեռ, ինչ որ պէտք է ընել, հետեւեալն է. ցաւակցութիւն արտայայտել անցեալի մէջ կատարուածին համար: Բայց այսօրուան մտայնութենէն այսպիսի բան մը սպասելը դիւրին չէ: Այսօրուան բազմաթիւ քաղաքագէտները, որոնք ժողովրդավարութիւնը կը պաշտպանեն, միայն իրենց համար ժողովրդավար ու մարդասէր են:

 

Share this Article
CATEGORIES