Ըստ «Վետոմոսթի»-ի. Եւրոպա Կ՛ուզէ Աւելցնել Ազրպէյճանէն Գնուող Կազի Ծաւալները
Եւրոպական Միութիւնը կը պատրաստուի աւելցնելու Ազրպէյճանէն գնուող կազի ծաւալները: 2014-2020-ի ընթացքին կասպիական կազի մատակարարումը եւրոպական երկիրներ հասցնելու համար պիտի կառուցուին խողովակաշարեր:
Vedomosti.ru` վկայակոչելով Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչը, կը նշէ, որ Ազրպէյճանէն սկիզբ առնող «Հարաւային միջանցք» կազատարի երկարացման վրայ Եւրոպան պիտի ծախսէ շուրջ 6 միլիառ եւրօ:
Այս նպատակով ձեւաւորուած է յատուկ հիմնադրամ` 5.8 միլիառ եւրոյի չափով: Կը նշուի, որ այս գումարներուն շնորհիւ Եւրոպական Միութիւնը ոչ միայն պիտի կարենայ աւելցնել Ազրպէյճանէն ստացուող կազի ծաւալները, այլեւ արտածումի պիտի սկսի նաեւ Թուրքմենիստանէն ու Իրանէն: Վերջինիս պարագային ատիկա կարելի պիտի ըլլայ այն պարագային, եթէ միջազգային պատժամիջոցները վերցուին:
Աղբիւրը կը նկատէ, որ ազրպէյճանական կազը Եւրոպայի մէջ պիտի դառնայ ռուսական կազի այլընտրանք, ուստի այժմ ամէն ինչ կախեալ է Ռուսիայէն, որ եւրոպացիներուն կա՛մ պիտի դրդէ օգտուիլ այլընտրանքային տարբերակէն, կա՛մ ալ պիտի կանգնեցնէ այդ հոլովոյթը:

