Խարքովի Քաղաքապետը Վիրաւորուեցաւ

Հեննատիյի Քեռնես
Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ Խարքովի քաղաքապետը փամփուշտ ստանալով ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ: Հեննատիյի Քեռնես մարզանք կատարած ատեն կռնակէն փամփուշտ մը ստացած է, երբ անծանօթ զինեալ մը կրակ բացած է անոր վրայ:
Քեռնես նախապէս նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի համակիրներէն էր, սակայն հետագային իր դիրքորոշումը փոխեց ի նպաստ միացեալ Ուքրանիոյ: Ան կը նկատուի «փոքր սակաւապետ» մը:
Ռուսամէտ զինեալներ երէկ նաեւ գրաւեցին Քոսթիանթինիսքայի քաղաքապետարանը, որուն վրայ բարձրացուցին այսպէս կոչուած Տոնեցքի հանրապետութեան դրօշը:
Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ուաշինկթըն 7 ռուս պաշտօնատարներու եւ 17 ռուսական ընկերութեանց դէմ պատժամիջոց հաստատած է:
«Արապիյա» հաղորդեց, որ Եւրոպական Միութիւնը 15 ռուս պաշտօնատարներու դէմ պատժամիջոց հաստատած է:

