Սուրիա` Անել Կացութեան Բեկանումը
Ամերիկեան ռազմաքաղաքական վերլուծողական «Սթրաթֆոր» կայքէջը կը գրէ, որ Սուրիոյ մէջ ընթացող քաղաքացիական պատերազմը երկու կողմերուն ալ կորուստներ պատճառած է: Ո՛չ Իրանի, Ռուսիոյ եւ Հըզպալլայի աջակցութիւնը վայելող նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը, ո՛չ ալ սիւննի ժիհատականներուն, Ծոցի երկիրներուն եւ Արեւմուտքին աջակցութիւնը վայելող Սուրիական ազատ բանակը կարողացան վճռորոշ յաղթանակ արձանագրել: Սակայն մինչ հակամարտութեան տեւողութիւնն ու մարդկային կորուստները կը շարունակեն աճիլ, առնչակից բոլոր կողմերն ալ շարունակուող կռիւներուն եւ տարածաշրջանի ապակայունացման այլընտրանքներ պիտի սկսին փնտռել:
Սուրիական տագնապը կարելի է բաժնել երեք հանգրուաններու: Առաջինը սկսաւ 2011-ի ամրան, երբ Ասատ ընտանիքին դէմ քաղաքային ըմբոստութիւնը վերածուեցաւ զինեալ ըմբոստութեան մը, որ 2013-ի ընթացքին արագ կերպով զարգանալով` մատնուեցաւ անել կացութեան մը: 2014-ի ընթացքին սկսաւ տագնապին երրորդ հանգրուանը, երբ ընդդիմութեան պառակտուածութիւնը առիթ տուաւ, որ Ասատի հաւատարիմ ուժերը յառաջխաղացք արձանագրեն:
Սուրիոյ քիմիական զէնքերու տարհանման համար միջնորդելու Ռուսիոյ որոշումը, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիրներու շարքերուն մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ներկայութիւնը չքացուցին Արեւմուտքին մօտ միջամտութեան մտադրութիւնները: Քիմիական զէնքերու հարցով Ասատին հետ գործակցելու Արեւմուտքին պատրաստակամութիւնը վարչակարգին անուղղակի օրինականութիւն շնորհեց: Հակառակ սկիզբը նկատառելի աջակցութիւն ցուցաբերելուն` Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը սեփական մարտահրաւէրներ դիմագրաւեց, ինչ որ ռազմավարութեան նկատառելի փոփոխութեան մը առաջնորդեց` ընդդիմութեան մէջ ժիհատական խմբաւորումները ճնշելու եւ Սուրիական ազատ բանակին աջակցութիւնը շարունակելու: Ժիհատական խմբաւորումներուն միջեւ բախումները վարչակարգին առիթ տուին իր ձեռքբերումները ամրապնդելու` խափանելով ընդդիմութեան մատակարարման ուղիները:
Ապագայ Քայլեր
Որոշ առումով, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը չհամապատասխանեց սպասումներուն: Առանց արտաքին միջամտութեան` վարչակարգին եւ ընդդիմութեան դիրքերը կրնան վատթարանալ:
Արտաքին միջամտութիւնը մեծապէս ի նպաստ Ասատի է: Արմատական տարրերու ներկայութիւնը մեծապէս վնասած է ընդդիմութեան սկզբնական նպատակներուն եւ յետ վարչակարգի տապալման ստեղծուելիք կացութեան նկատմամբ մտահոգութիւն ստեղծած է: Սուրիոյ հարցին առնչակից թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին կողմերը այն մտավախութիւնը ունին, որ ժիհատականներուն իշխանութեան հասնելուն պարագային քաոսային վիճակ կրնայ ստեղծուիլ: Լիպիան այդպիսի կացութեան մը լաւագոյն օրինակն է:
Այդպիսի դիպաշար մը անհաւանական կը մնայ, մինչեւ այն ատեն որ Ասատի վարչակարգը կը մնայ ուժեղ: Եթէ ընդդիմութեան կորիզը եղող տարրերը իրենց միութիւնը եւ նպատակները պահպանեն, հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը կը շարունակէ հաւանական ընտրանք մը մնալ: Սակայն վարչակարգը մերժեց բանակցութեանց (կամ ապագայ բանակցութեանց) վերջին առաջարկը, ինչ որ անոր դիրքին նկատմամբ իր եւ անոր աջակիցներուն վստահութեան ցուցանիշն է: Մինչեւ այն ատեն որ Ասատ կը զգայ, թէ գերակայ դիրքի վրայ է, անհաւանական է, որ ընդդիմադիրներուն հետ բանակցելու մասին մտածէ:
Սուրիոյ կանոնաւոր բանակին թիւն ու կարողականութիւնը, բաղդատմամբ թշնամիին կամ պատերազմի դաշտին, չէ աճած: Ուստի տակաւին կարողութիւնը չունի Սուրիոյ մէջ մեծ տարածքներու վերատիրանալու:

