Մարատա Հոսանքի Պեքաայի Պատասխանատուները Այցելեցին Այնճար
Երկուշաբթի, 28 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան, Մարատա հոսանքի Պեքաայի պատասխանատուները այցելեցին Այնճար:
Անոնք ծաղկեպսակ զետեղեցին Մուսա լերան նահատակներու յուշարձանին մօտ` յարգելով յիշատակը բոլոր հայ նահատակներուն:
Պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին հետ` «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ, ուր քննարկուեցան երկու կուսակցութիւններուն միջեւ փոխյարաբերութիւններու կարելիութիւնները:
CATEGORIES Գաղութային

