Իպրահիմովիչի Վերադարձը` Շատ Հաւանաբար Յառաջիկայ Շաբաթ

2904zlatan«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ըստ Փարիզ Սեն Ժերմենի բժիշկին` Էրիք Ռոլանտի, շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ ֆութպոլի դաշտերը կրնայ վերադառնալ յառաջիկայ շաբաթ:

30 մրցումի ընթացքին 25 կոլ նշանակած Իպրահիմովիչ, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտականի երթի մրցումին վիրաւորուեցաւ, շուրջ չորս շաբաթէ ի վեր բացակայ է դաշտերէն:

Թէեւ առանց անոր մայրաքաղաքի կազմը տիրացաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին, սակայն ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումներուն, անիկա կ՛արձանագրէ ոչ համոզիչ արդիւնքներ:

Ախոյեանութեան աւարտէն 3 հանգրուան առաջ, անոր կազմը ունի 83 կէտ, մինչ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Մոնաքօ` 75 կէտ:

Share this Article
CATEGORIES