ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Կիրակի, 4 Մայիսին` Պասքեթպոլի Մրցումները

Ծաղկազարդի, Ս. Զատկուան եւ Եղեռնի յիշատակին առիթներով երկար արձակուրդէ մը ետք, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը դարձեալ կը հրաւիրէ վարժարաններու մարզական բաժիններու պատասխանատուները, մարզիչները եւ աշակերտութիւնը, ամբողջացնելու 2013-2014 տարեշրջանի մնացած պասքեթպոլի մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ կիրակի, 4 մայիս 2014-ին, «Աղբալեան ՀՄԸՄ մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ Եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ:

ԺԱՄ
00/01 Տղաք Ս. Հռիփսիմեանց – Մեսրոպեան 11:00  (Կիսաւարտական)
96/97 Տղաք Ճեմարան – Մեսրոպեան (Կիսաւարտական) 12:00
96/97/98 Աղջիկներ Ճեմարան – ԿԲՎ (Կիսաւարտական) 13:30
00/01 Տղաք Հարպոյեան – Ճեմարան (Կիսաւարտական) 14:30
98/99 Տղաք Հարպոյեան – Ս. Հռիփսիմեանց 15:30
96/97 Տղաք Յովակիմեան – Հարպոյեան (Կիսաւարտական) 17:00

 

ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

(www.levam.org)

Share this Article
CATEGORIES