ՀՅԴ Լիբանանի Քարոզչական Մարմինին Կազմակերպութեամբ Հայ Ընկերութեան Մէջ Յոռի Երեւոյթներու Անդրադարձ
ՀՅԴ Լիբանանի քարոզչական մարմինը արդէն իսկ ծրագրած է եւ կը պատրաստուի իր երրորդ կլոր սեղանին, որ կը վերաբերի արդիականացումի այս դարուն ընթացքին ազգային-միութենական կեանքին մէջ երիտասարդութեան մասնակցութեան ապահովումին:
«Միասնաբար մտածենք լուծումներու մասին» նպատակով կատարուելիք կլոր սեղանին զեկուցաբերներն են Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. Փոլ Հայտոսթեան:
Կլոր սեղանին զրուցավարը պիտի ըլլայ ՀՅԴ Լիբանանի քարոզչական մարմինի ներկայացուցիչ Յակոբ Հաւաթեան:
3-րդ կլոր սեղանը պիտի ունենայ երկուշաբթի, 5 մայիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
Այս առիթով կ՛արժէ անդրադառնալ նոյն մարմինին կազմակերպած երկրորդ կլոր սեղանին, որ նուիրուած էր հայ ընկերութեան մէջ յոռի երեւոյթներուն` օտարամոլութեան, թմրամոլութեան, օտար ամուսնութեան եւ աղանդներու անդրադարձին:
4 փետրուար 2014-ին, «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցած այս կլոր սեղանին ամէնէն յատկանշականը եղաւ երիտասարդներու աննախընթաց խուռներամ ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ ընկերութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով նման հարցեր հրապարակաւ ներկայացնելու յանդգնութիւնը:
Կլոր սեղանին զեկուցաբերներն էին Սէն Ժոզեֆ համալսարանի դասախօս Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան, ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան, Քարիթասի Էշրեֆիէի բաժնի պատասխանատու ընկերային ծառայող Անի Գալուստ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն, դպրեվանքի փոխտեսուչ, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի պատասխանատու եւ «Հասկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան:
Կլոր սեղանին բացումը կատարեց ՀՅԴ Քարոզչական մարմինի անդամ Վիգէն Գուճանեան, որ նշեց, թէ ազգային եւ մարդկային չափանիշները փոփոխութեան ենթարկուած են եւ քաղաքական ու տնտեսական վերիվայրումները իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ձգած են լիբանանահայութեան վրայ եւ պատճառ դարձած են, որ յոռի երեւոյթները դառնան անոր մէկ մասնիկը:
Ան շեշտեց, որ յոռի երեւոյթներու դէմ մեր պայքարին ընթացքին հարկ է հրաժարիլ հնաբոյր մեթոտներէն եւ արդի ձեւերու մասին մտածել եւ յանդուգն կերպով այս երեւոյթները սեղանին վրայ զետեղել` միասնաբար լուծումներ գտնելու միտումով:
Կլոր սեղանին զրուցավարը Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան ընդգծեց, որ առաջին հերթին հարկ է պայքարիլ լիբանանահայութեան դիմագիծը, գոյութիւնն ու հաւաքական կեանքը վտանգող երեւոյթներուն դէմ:
«Ապազգային այս երեւոյթները մեծ վտանգ կը սպառնան լիբանանահայ ընկերութեան, հետեւաբար պէտք է ըլլալ զգաստ եւ զգօն», ըսաւ ան:
Օտարամոլութեան մասին իր խօսքին մէջ Լ. Պապոյեան-Ազեզեան յայտնեց, որ հայութեան պարագային` Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ ակներեւ է օտարամոլութեան երեւոյթը, որուն վտանգներէն մեզի մնայուն կերպով զգուշացուցած են եւ կը զգուշացնեն:
Ան նշեց, որ ներկայիս օտարամոլութիւնը աւելի վտանգաւոր դարձած է, որովհետեւ անիկա վերածուած է օտարատենչութեան: «Դժբախտաբար այսօր կան հայեր, որոնք կը ձգտին օտարանալ. անոնք ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս կ՛ուզեն հեռանալ հայութենէն: Տան մէջ օտար լեզու կը խօսին, հայահոծ շրջաններէ հեռու կը մնան, իրենց զաւակները օտար անուններով կը մկրտեն, օտար ամուսնութիւններ կը կնքեն եւ ոչ հայկական դպրոցներ կը ղրկեն իրենց զաւակները», ըսաւ ան:
Ան հաստատեց, որ այս երեւոյթներուն ետին կը գտնուին պատճառներ, որոնք են աշխարհի մէջ ի յայտ եկած շարք մը նոր արժէքներ, ինչպէս` նիւթապաշտութիւնը, ցուցամոլութիւնը, եսասիրութիւնը եւ համաշխարհայնացումը, որոնք իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան մեր վրայ:
Ան նշեց, որ օտարամոլութեան պատճառներէն կամ շարժառիթներէն են նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային տագնապալի պայմանները, որոնք կը ստիպեն մարդոց զբաղելու միայն աւուր հացի եւ տարրական կարիքները ապահովելու պարտաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ այս իրականութեան հակապատկերը ներկայացնող այլ իրականութիւն մը, երբ որոշ հայեր շռայլութենէ մղուելով կ՛ուղղուին դէպի օտարամոլութիւն:
«Սակայն ամէնէն վատը ստորակայութիւնը եւ իր ինքնութենէն ամչնալու զգացումն է: Այդ մէկը կու գայ այն իրականութենէն, որ հայուն հաշուոյն մնայուն կերպով խտրութիւն կ՛արձանագրուի. անիկա հայուն մէջ կրնայ բարդոյթի վերածուիլ եւ հետեւաբար զայն մղել փաստելու, թէ ինք եւս լիիրաւ լիբանանցի քաղաքացի է եւ նոյնքան լաւ արաբերէն ու օտար լեզուներ կը խօսի եւ ինքզինք կը փաստէ իբրեւ Ա. կարգի քաղաքացի», ըսաւ ան:
Օտարամոլութեան դէմ պայքարելու հաւանական լուծումներ մատնանշելով, Լ. Պապոյեան-Ազեզեան յայտնեց, որ հարկ է աշխուժացնել հայկական մշակոյթը, ինչպէս պահել արժանիքները` լեզու, կրօն, պատկանելիութիւն, ինչպէս նաեւ զարգացնել պահանջատիրութեան ոգին` հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելով անհատին:
«Հայեցի դաստիարակութիւնը ունի չորս սիւներ` տուն-ծնողք, դպրոց, եկեղեցի եւ ակումբ», ըսաւ ան:
Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան հաստատեց, որ ամէնէն վտանգաւոր քայլը, որ հայ ծնողք մը կ՛առնէ իր զաւակը 12 կամ 13 տարեկանին օտար դպրոց ղրկելու քայլն է, որովհետեւ այն ատեն է, որ պատանին կը սկսի փնտռել իր ազգային պատկանելիութիւնը, մշակոյթը եւ իր ինքնութիւնը կը կերտէ մինչեւ 18 տարեկան:
«Այս քայլը կը նմանի ծիլ տուած ծաղիկ մը յանկարծ պոկելու եւ այլ հողի մը մէջ ցանելու քայլին», ըսաւ ան:
Ապա խօսք առաւ պատուելի Սեպուհ Թերզեան. ան նշեց, որ անցեալին ոչ թէ պայման էր, որ հայ երիտասարդին կամ երիտասարդուհիին ապագայ կողակիցը հայ ըլլար, այլեւ` հայրենակից: Ան ակնարկեց այն իրականութեան, թէ ինչպէս հայկական կարգ մը շրջանակներու մօտ նկատի կ՛առնուէին նաեւ հայուհիին ճաշ եփելու ունակութիւնները:
«Օտար ամուսնութիւնները ներսէն կը հիւծեն եւ կը մաշեցնեն մեր ընկերութիւնը», շեշտեց պատուելի Թերզեան` նշելով, որ ըստ եկեղեցական «լաւատես» աղբիւրներու, խառն ամուսնութիւններու համեմատութիւնը հասած է 30 առ հարիւրի` մեր ընկերութեան մէջ:
Ան աւելի վտանգաւոր նկատեց նման ախտավարակ երեւոյթներու (օտարամոլութեան, խառն ամուսնութիւն®) բնական երեւոյթի վերածուիլը: «Մենք ցեղապաշտ չենք, ոչ ալ օտար ազգերը կ՛արհամարհենք, բայց մեր իրաւունքն է նախանձախնդիր ըլլալ մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր մշակոյթի զարգացման», ընդգծեց պատուելին:
Ան անդրադարձաւ նաեւ հայ ընտանիքին, հայ տան մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական պայմաններուն` անհրաժեշտ նկատելով «մեր ունեցած» ազգային կառոյցներուն բարեկարգումը:
Պատուելի Թերզեան անհրաժեշտ նկատեց հայկական կառոյցներն ու վարժարանները շինիչ քննադատութեան ենթարկելը, որովհետեւ հայ պատանիները իրենց պատանեկութեան ընթացքին պէտք է հոգեւոր դաստիարակութեան հիմերը ստանան: Ան շեշտեց նաեւ, որ եկեղեցին պէտք է մօտենայ երիտասարդին եւ գոհացնէ անոր հոգեկան ծարաւը եւ զայն իր մօտ պահէ:
Իր կարգին, Անի Գալուստ խօսեցաւ Ռումիէի բանտի հայ բանտարկեալներուն հետ իր ունեցած 19 տարուան փորձառութեան մասին` ընդգծելով, որ հիմնականին մէջ հայ արգելափակեալները բանտ կը հասնին թմրամոլութեան պատճառով: Ան հաստատեց այն դառն իրականութիւնը, որ բանտին մէջ թմրամոլ մը ոչ թէ կը բուժուի, այլ կը շարունակէ թմրամոլութիւնը եւ «կը զարգանայ», այն իմաստով, որ բանտին մէջ թմրամոլութեան այլ վտանգաւոր կերպեր կը սորվին:
«Բանտին մէջ գտնուող հայ տղոց վիճակը շատ ցաւալի է եւ անոնք ազգին ու եկեղեցւոյ կարիքը ունին, որովհետեւ իրենց ընտանիքներուն կողմէ լքուած են: Ամէնէն աւելի անոնց ցաւ կը պատճառէ այն իրականութիւնը, թէ հայ կղերականներ իրենց չեն հարցներ եւ անոնց հոգեկան ծարաւը չեն յագեցներ: Հայ եկեղեցականներու այցելութեան բացակայութեան պատճառով երկու հայ բանտարկեալներ արդէն իսկ իսլամ դարձած են», ըսաւ Գալուստ:
Ան ընդգծեց, որ բանտի կեանքը շատ դժուար է, ծնողները պէտք է զգուշ ըլլան, երիտասարդները պէտք է զգաստ ըլլան ու մտածեն, թէ իրենք ո՛ւր կ՛երթան…
Անի Գալուստ կարեւոր նկատեց նաեւ, որ բանտին մէջ ըլլայ հայ փաստաբան մը:
Այս գծով ներկաներէն Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան լուսաբանեց, թէ տարիներ առաջ Լիբանանի հայոց առաջնորդարանին կողմէ իբրեւ պատուիրակ յաճախ կ՛այցելէր նշեալ բանտը եւ հերթական պատարագ կը մատուցէր բանտին մէջ` հայ բանտարկեալներուն համար: Ինք եւ պատկան մարմիններ, բժիշկներու օգնութեամբ յաջողած են բանտին մէջ ընկերային պահ մըն ալ կայացնել, նշեց տէր հայրը` յիշեցնելով, որ օրին կարելի եղած է անվճար, փաստաբաններու օգնութեամբ ազատ արձակել կարգ մը հայ բանտարկեալներ: Տէր Մեսրոպ փափաք յայտնեց վերակենդանացնելու նշեալ մարմինն ու անոր առաքելութիւնը:
Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան անդրադարձաւ հայ ընկերութեան մէջ աղանդներու երեւոյթին մասին: Ան ըսաւ, որ աղանդաւորական շարժումները սկսած են 2000 տարիներ առաջ` եկեղեցւոյ կեանքին մէջ:
«Այդ երեւոյթին դէմ մնայուն կերպով պայքար տարուած է եկեղեցականներուն եւ հոգեւոր պետերուն կողմէ: Հայաստանեայց եկեղեցին պայքարած է թոնդրակեցիներու եւ պաւղիկեաններու աղանդներուն դէմ: Այսօր մենք նոյնքան դժուարութեան դիմաց կը գտնուինք, հայ ժողովուրդը Լիբանանի, սփիւռքի եւ մանաւանդ Հայաստանի մէջ կը դիմագրաւէ ծանօթ եւ անծանօթ կազմակերպութիւններու հովանաւորութիւնը վայելող աղանդաւորական բազմաթիւ շարժումներու վտանգը: Սակայն չեն կրցած խախտել հայ ժողովուրդի հաւատքը հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ»:
Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան շեշտեց, որ աղանդներու հետեւորդներուն կատարածը պարզապէս մարդորսորդութիւն է, որովհետեւ անոնք քրիստոնեան քրիստոնէացնելու անբացատրելի առաքելութեան մէջ կը գտնուին եւ քրիստոնեաները եկեղեցիէն կը գողնան ու զանոնք այլ տեղ կ՛առաջնորդեն:
«Լիբանանահայ կեանքին մէջ արմատ նետած հիմնական երեք աղանդներն են Եհովայի վկաները, որոնք հակաքրիստոնէական շարժում են, Գալստականները, որոնք հրէական են, Հոգեգալստականները, որոնք կը սիրեն իրենք զիրենք կոչել բողոքական կամ աւետարանական եկեղեցի, բայց անոնք ոչ մէկ կապ կրնան ունենալ այդ եկեղեցւոյ ընտանիքին հետ: Այս աղանդները քաղցր լեզուով կը համոզեն ժողովուրդը` իբրեւ անհատ կամ ընտանիք մաս կազմելու իրենց խմբակցութեան», ըսաւ ան:
Հայր սուրբը շեշտեց, որ այդ խմբակցութեան մաս կը կազմեն բոլոր անոնք, որոնք հոգեկան դատարկութիւն մը, տագնապ մը կամ դժուարութիւն մը ունին:
«Եկեղեցին ժողովուրդն է. ժողովուրդը իր ներկայութեամբ եկեղեցին եկեղեցի կը դարձնէ: Մեր բոլորին նպատակն է աղանդաւորական շարժումներուն դէմ պայքարիլը, որ կարելի կ՛ըլլայ հետեւեալ ձեւով. ա) Հայկական դպրոցներուն մէջ բարոյական եկեղեցագիտական դաստիարակութեան մատուցում, որովհետեւ եթէ հայ պատանին այդ պատրաստութիւնը չունի, պատրաստ կ՛ըլլայ որպէս հում աղանդեր ճաշակուելու` աղանդներուն կողմէ. բ) Եկեղեցին պէտք է կազմակերպէ ծնողներու հոգեւոր լսարան, այսինքն` եթէ հայ մայրը եւ հայ հայրը տեղեակ չէ Աստուածաշունչէն, եկեղեցւոյ օրէնքներէն եւ աւանդութիւններէն, ապա ան ինչպէ՞ս ուղղութիւն պիտի տայ իր զաւակներուն. գ) Հայկական ակումբներուն եւ բոլոր միութիւններուն մէջ պէտք է ներկայ ըլլայ կրօնը, որովհետեւ հայ ժողովուրդը երբեք չէ գոյատեւած ու յաղթած առանց եկեղեցւոյ, եւ առանց հայ կրօնքին չենք կրնար գոյատեւել», հաստատեց Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան:
Կլոր սեղանի աւարտին զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներուն ուղղած հարցումներուն:
Անշուշտ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինը յաւակնութիւնը չունի կլոր սեղաններուն ընթացքին արծարծուած հարցերուն անմիջական լուծումներ բերելու կամ հրաշքներ գործելու, սակայն պիտի ջանայ այդ հարցերուն շուրջ անդրադարձ կատարել եւ բանաձեւումներ ու լուսաբանութիւն տրամադրել մամուլով, համացանցով թէ ընկերային ցանցին միջոցով:
Պէտք է նշել, որ կլոր սեղանին ընթացքին իւրաքանչիւր զեկուցաբերի ներկայացումէ առաջ ցուցադրուեցան երեք կարճ ժապաւէններ, որոնք պատրաստուած էին մարմինին կողմէ` լուսարձակի տակ առնելու համար վերոնշեալ յոռի երեւոյթներն ու անոնց ունեցած հետեւանքները` լիբանանահայութեան վրայ:
Այս առիթով «Փիւնիկ» սրահը զարդարուեցաւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան կողմէ տրամադրուած գծագրութիւններով, որոնք կը վերաբերէին վերոնշեալ թեմաներուն:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

