ՍԹՐՈՍ-ՔԱՆ ԿՐՆԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ

Ֆրանսական «Լը Փարիզիէն» օրաթերթին կողմէ երէկ հրապարակուած հարցախոյզ մը ցոյց կու տայ, թէ ձախակողմեան թեքում ունեցող ֆրանսացի քուէարկողներուն 60 առ հարիւրը կ՛ուզեն, որ Միջազգային դրամական ֆոնտի նախկին նախագահ Տոմինիք Սթրոս-Քան վերադառնայ ֆրանսական քաղաքական բեմ:

Հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ հասարակութեան 49 առ հարիւրը կ՛ուզէ անոր վերադարձը, իսկ 45 առ հարիւրը` ոչ:

Հարցախոյզը կատարուեցաւ Սթրոս-Քանի տնային կալանքէն ազատ արձակումէն ետք: Ան ամբաստանուած էր Նիւ Եորքի պանդոկներէն մէկուն մէջ սպասուհիի մը դէմ սեռային բռնութիւն կատարելու յանցանքով: Հետագային պարզուած էր, որ սպասուհին քրէական շրջանակներու հետ կապ ունի եւ հարցաքննութեան ընթացքին բազմաթիւ անգամ ստած է: Սթրոս-Քան ձերբակալուելէ առաջ 2012-ի Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան թիւ մէկ թեկնածուն կը նկատուէր:

Հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ ձախակողմեան թեքում ունեցող քուէարկողներուն 51 առ հարիւրը կ՛ուզեն, որ Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութիւնը երկարաձգէ նախագահութեան թեկնածուներու առաջադրման 13 յուլիսի ժամկէտը:

Սթրոս-Քանի հարցով դատական յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ 18 յուլիսին:

Share this Article
CATEGORIES