Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ամշիթ 2-0 Արդիւնքով Յառաջացաւ ՀՄԸՄ-ի Վրայ. 3-րդ Մրցումը` Վաղը
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ էյթ»-ի ծիրին մէջ, երէկ` ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Ամշիթը:

ՀՄԸՄ – Ամշիթ մրցումէն PROFOTO
Առաջին մրցումին Ամշիթ, որ իր դաշտին վրայ 92-88 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 77-66 արդիւնքով (22-16, 33-38, 46-61 եւ 66-77):
ՀՄԸՄ բաւական լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը` տիրապետելով իր հիւրին վրայ: Սակայն հետզհետէ Ամշիթ ինք ձեռք առաւ մրցումին ղեկը եւ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնելով տարաւ վերջնական յաղթանակը:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները այս մրցումին դաշտ ներկայացան հետեւեալ ձեւով եւ իրենց կէտերը նշանակեցին ստորեւ տրուած ձեւով.
Տիոն Տիքսըն (33′ 41″, 17 կէտ եւ 3 ռիպաունտ), Հայկ Խաչերեան (8′ 55″), Սեւակ Քեթենճեան (8′ 16″, 3 կէտ, 1 ռիպաունտ), Ռալֆ Աքըլ (4′ 19″), Մարք Քորճեան (29′ 06″, 9 կէտ, 4 ռիպաունտ), Թերենս Լիթըր (38′ 16″, 21 կէտ, 11 ռիպաունտ), Ճօ Ղաթթաս (12′ 40″, 2 կէտ, 3 ռիպաունտ), Հայկ Կէօքճեան (37′ 19″, 10 կէտ, 9 ռիպաունտ) եւ Ճօ Վոկըլ (27′ 24″, 4 կէտ, 10 ռիպաունտ):
Իսկ Ամշիթէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ֆատի Խաթիպ (37′ 40″, 29 կէտ, 13 ռիպաունտ):
Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, անոնք դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած էին եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերեցին իրենց կազմը:
Նշենք, որ վաղը յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, երկու խումբերը դարձեալ իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Ամշիթի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կը պահանջուի անկարելին կարելի դարձնել` արձանագրելու համար յաղթանակ մը մրցակիցին վրայ եւ պարտադրելու չորրորդ ու հինգերորդ մրցումը:
Նշենք, որ հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛անցնի յաջորդ հանգրուան:
Երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ այլ մրցում մը, որուն ընթացքին Պիպլոս հիւրընկալեց Մութթահետը:
Հիւսիսի կազմը, որ առաջին երկու մրցումներուն պարտութիւն կրած էր, երէկ, 92-88 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Պիպլոսէն Ճեսմըն Եանկպլատ նշանակեց 35 կէտ, իսկ Մութթահետէն Ռոնալտ Միւրէյ` 27 կէտ:
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Սաժես – Թատամոն 17:00 Ղազիր
Ռիատի – Շանվիլ 17:00 Մանարա
ՎԱՂԸ
Ամշիթ – ՀՄԸՄ 17:00 Ամշիթ

