Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կենսունակ օր մը եռանդով աշխատելու տրամադրութեամբ: Օրը շատ նպաստաւոր պիտի ըլլայ ձեր ծրագիրները իրագործելու: Յաջողութիւնը ձեզի հետ է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր կարողութեան սահմաններէն դուրս մի՛ ելլէք` տնտեսական ըլլայ թէ ընկերային կամ աշխատանքային մարզերու մէջ: Չափաւոր եղէք միշտ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրուան աշխատանքային ժամերը պիտի ըլլան արդիւնաւէտ: Բարեկամութիւնը եւ ընկերային կեանքը նոյնպէս ունին ուրախ ժամեր: Յոգնութիւնը քիչ է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կ՛ապրիք կասկածի տրամադրութեամբ: Այս մասին պէտք ունիք խօսելու փորձառու անձի մը կամ ձեր մէկ մտերիմին հետ: Լաւատես եղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կ՛երազէք ճամբորդութեան մասին: Ձեր այս երազը կրնաք իրագործել, երբ որոշէք հաստատ կերպով: Երկմիտ մի՛ ըլլաք, ոչ ալ` կասկածամիտ: Պարզ եղէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր բախտին աստղերը պիտի ունենան զօրաւոր ազդեցութիւն ձեր տնտեսական վիճակին վրայ, բարելաւումի ընթացքով: Օրը հիանալի եւ յուսատու է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երբ վէճ մը ստեղծուի ձեր շուրջը, մնացէք կողմերը մեղմացնելու դիրքով: Ջանացէք սիրալիր մթնոլորտ մը ստեղծել բարեկամական իմաստով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կատարելիք աշխատանք ունիք, բայց աճապարանքով, մէկ հարուածով կատարելու ուժ մի՛ կիրարկէք: Օրը ունի առիթներ հանդարտ աշխատելու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ նոր տեսակի մարզաձեւ մը կիրարկելու պիտի սկսիք, նախքան գործի անցնիլը` այս կապակցութեամբ կարծիքը առէք փորձառու անձի մը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ունիք շնորհներ, ձեր խօսակիցը հմայելու կարողութիւն: Այսօր լաւ առիթներ պիտի ունենաք ձեր այս տաղանդը օգտագործելու: Օրը բախտաբեր է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Աշխատանքի իմաստով օրը պիտի ըլլայ եռանդ ներշնչող: Ձեր աշխուժ կշռոյթը պիտի քաջալերուի եւ գնահատուի ձեր շուրջիններէն: Բախտաւոր էք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Աշխատանքի պարագային կրնաք ենթարկուիլ փորձի մը` երեւան բերելու համար ձեր գործունէութեան չափը: Հարկ է այս պարագային ցոյց տալ, թէ ինչպիսի՛ կարողութիւն ունիք եւ ո՛ր մէկ մարզի մէջ:

