Հայ Կերպարուեստը Կը Շարունակէ Տարածուիլ Եւ Արժեւորուիլ Միջազգայնօրէն

Salle-d'exposistionՀովանաւորութեամբ Քոնեաք քաղաքի քաղաքապետութեան եւ գործակցութեամբ «Նոազ Արք» ցուցասրահի տնօրէնութեան, «Château de Chatenay» ցուցասրահը կազմակերպած էր կերպարուեստի ցուցահանդէս մը «Maîtres Distilleurs d’Art» ընդհանուր խորագրին տակ: Բացումը տեղի ունեցաւ 17 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ներկայութեամբ «Հենեսսի»-ի, «Քորպուզիէ»-ի, «Ռեմի Մարթեն»-ի, «Մարթինի»-ի եւ նման այլ դղեակներու ներկայացուցիչներու, քաղաքական գործիչներու, գործարարներու, լրագրողներու, արուեստագէտներու, ինչպէս նաեւ` արուեստասէրներու բազմութեան մը ներկայութեան: Ցուցասրահի տնօրէնուհին` Շահանէ Յակոբեան, իր բացման խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց նախ Քոնեաք քաղաքի քաղաքապետութեան, «Նոազ Արք» ցուցասրահի տնօրէնութեան, ցուցահանդէսին մասնակից ներկայ գեղանկարիչներու` Ֆրանսուազ Միւլլերի (ֆրանսացի) եւ Էրիք Էզընտամի (գերմանացի) եւ բոլոր ներկաներուն, ապա ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ ցուցահանդէսին բնոյթին եւ հետագայ ծրագիրներուն մասին: Ցուցադրութեան դրուած էին տարբեր դպրոցներու պատկանող շուրջ հարիւր ստեղծագործութիւններ` սկսեալ իրապաշտութենէ եւ վիպապաշտութենէ,  մինչեւ խորանարդապաշտութիւն եւ գերիրապաշտութիւն: Ան տեղեկացուց նաեւ, թէ  իբրեւ հիւրանոց գործող դղեակը պիտի վերածուի արուեստի կեդրոնի` օժանդակութեամբ դղեակի տէրերուն` Յակոբեան ընտանիքին:

Բարարարներ Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեանները «Նոազ Արք» տաղաւարին մէջ

Բարերարներ Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեանները «Նոազ Արք» տաղաւարին մէջ

Լրագրողներու իսկ վկայութեամբ, առաջին անգամն էր, որ Շարանթ շրջանի արուեստասէրները ականատես կ՛ըլլային իր տարողութեամբ մեծ եւ բարձրորակ նմանօրինակ ցուցահանդէսի մը: Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին հետեւեալ կերպարուեստագէտներու ստեղծագործութիւններէն.- Ֆրանզ Քրուկըր, Ֆերտինան Մարինուս, Թէոֆիլ Պեռնէ, Շեմիաքին, Գառզու, Եուրոզ, Վահրամ, Ցվեթայեւ, Ֆրանսուազ Միւլլեր, Էդիկ Բերդեան, Էրիք Էզընտամ, Մարսելլա Քազապուրի, Ալեք Քոչար, Սուրէն, Դաւիթ Դաւթեան եւ այլն:

«Château de Chatenay» ցուցահանդէսը յաջողութեամբ պսակուելէ ետք, «Նոազ Արք»-ի տնօրէնութիւնը մեկնեցաւ Մոնաքօ եւ մասնակցեցաւ «Art Monaco 2014» միջազգային ցուցահանդէսին: Բացումը տեղի ունեցաւ իշխանական «Grimaldi Forum»-ին մէջ, որուն մասնակցեցան չորս հայ ցուցասրահներ:

Ա.- Հայրենի «Բարձր արուեստ» ցուցասրահը երկրորդ անգամ ըլլալով բարձր կը պահէ հայ արուեստի վարկը միջազգային գետնի վրայ: Այս տարի ան արժանացաւ «Prix d’Excellence-Baroque» մրցանակին` յանձինս տաղանդաւոր գեղանկարիչ Վարուժան Վարդանեանի: Անոր «Խաչելութիւն» կտաւը դատական կազմին կողմէ ընտրուեցաւ տարուան լաւագոյն ստեղծագործութիւնը` իր ուժեղ եւ ցնցիչ արտայայտչականութեան համար: Պէտք է նշել, որ այս տարի «Art Monaco 2014»-ին ցուցադրուած էին աշխարհի չորս կողմէն բերուած չորս հազար ստեղծագործութիւններ, որոնց շարքին` Էնտի Ուորհոլի, Ռոյ Լիխթընշթայնի, Թիէրի Պլումի, Քետզիորայի եւ կամ Լիզա Էտիչի նման յայտնի կերպարուեստագէտներ: Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Մոնաքոյի «Հոթել տը Փարի» պալատին մէջ, ներկայութեամբ Տիտիէ Տեշանի, դքսուհի Մարիա Կապրիէլ տը Սաւուա, իշխանուհի լէյտի Մոնիքա Պաքքարտիի, Սիկիլիոյ իշխան Շարլ Պուրպոնի, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պատուոյ դեսպան Պուրան Պուէրիի, եւ շուրջ երկու հարիւր արուեստասէրներու ներկայութեան: Հոս կարեւոր է նշել, որ Վարուժան Վարդանեանի «Խաչելութիւն» մեծղի կտաւը նուիրուած է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան: Հոն պատկերուած է մարդկային գանկերով ողողուած անծայրածիր անապատ մը, որուն վրայ պատկերուած է հայոց խաչեալ Քրիստոսը, որ ոչ միայն մահացած չէ, այլ կարծէք թէ կը պատրաստուի յարութիւն առնելու եւ համբարնալու…

Փարաճանովի քանդակը

Փարաճանովի քանդակը

Երեւանի «Բարձր արուեստ» ցուցասրահը, Վարուժան Վարդանեանի կողքին, ցուցադրած էր նաեւ հոյլ մը հայ մեծագոյն արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններ, ինչպէս` Արշիլ Կորքի, Այվազովսքի, Լեւոն Թիւթիւնճեան, Մարտիրոս Սարեան, Եղիշէ Թաթեւոսեան, Վահրամ Գայֆեճեան, Փարաջանով եւ ուրիշներ:

Բ.- Հինգերրորդ անգամ ըլլալով «Նոազ Արք»-ը կը մասնակցի յիշեալ ամէնամեայ ցուցահանդէսին` միշտ ձեռք բերելով նորանոր նուաճումներ: Ան կը ներկայացնէր հինգ արուեստագէտներ` Ռուբէն Աբովեան, Ցվեթայեւ, Վահրամ Կուկ, Սուրէն և Դաւիթ Դաւթեաններ, որոնք բոլորն ալ ծանօթ են մեր ընթերցողներուն: Այս ցուցահանդէսը «Նոազ Արք»-ի համար եղաւ չափազանց բեղուն, յատկապէս` բարոյական գետնի վրայ: Այս տարի «Նոազ Արք» ստացաւ բազմաթիւ հրաւէրներ սկսեալ Պազէլէն, մինչեւ Մայամի եւ Սինկափուր: Առ այժմ մայիսի վերջաւորութեան համար արդէն իսկ «Նոազ Արք» ստորագրած է յատուկ պայմանագիր, իսկ յաջորդ տարեշրջանի միջազգային գործունէութիւնը տակաւին կը մնայ անորոշ, սակայն անկասկած շեշտը պիտի դրուի Եղեռնի հարիւր ամեակին առիթով կազմակերպուելիք ցուցահանդէսներուն վրայ` Լիբանանի, Եւրոպայի թէ Ամերիկայի տարածքներուն:

Մազմանեանի տաղաւարը

Մազմանեանի տաղաւարը

Գ.- «Էսքիս» ցուցասրահը կը ներկայացնէր Մկրտիչ Մազմանեանէն տասնեակ մը քանդակներ` ձուլուած կերպընկալ եւ պրոնզ նիւթերէ: Կիսավերացական բնոյթի այս ստեղծագործութիւնները իրենց որակով եւ նորարարութեամբ մեծապէս գնահատուեցան արուեստասէր հասարակութեան կողմէ: Իսկ կարգ մը ցուցասրահներ արդէն իսկ հետաքրքրուած են այս տաղանդաւոր քանդակագործին արուեստով:

Դ.- «Արզումանեան» ցուցասրահը կը ցուցադրէր Այկազ Արզումանեանին վերացական-տեսողական գեղանկարչական (visual painting) բնոյթի ութ ստեղծագործութիւններ, որոնք իրենց տեսակին մէջ հետաքրքրական են եւ արտայայտիչ:

Հոս հարկաւոր է նշել, որ այս ցուցահանդէսին կը մասնակցէր նաեւ միջազգային ճանաչման արժանացած հայ արուեստագէտ լուսանկարիչ մը` Միկ Լելման, գործակցաբար գերմանական «Pashmin Art» ցուցասրահին: Անոր ստեղծագործութիւնները ցարդ ցուցադրուած են աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ, ինչպէս` Միւնիխ, Սան Փեթերսպուրկ, Նիւ Եորք, Պէյճինկ, Քիեւ, Լոնտոն, Փարիզ եւ այլն:

«Կլոպալ արթ» արուեստի պարբերականին հետ իր ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Միկ Լելման կ՛ըսէ. «Ծնած եմ Իրանի Ուրմիա քաղաքը, հայ ընտանիքի մէջ: Ինծի համար կեանքը արուեստ է, մանաւանդ` այս օրերուն: Իսկ մարդկութեան մեծագոյն դրամագլուխը արուեստն է, եւ ոչ թէ` դրամը»: Փոքր տարիքին գաղթած է Գերմանիա, սակայն ներկայիս կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ Փարիզի մէջ: Ան միաժամանակ ժապաւէնի արտադրիչ է, եւ կը ծրագրէ իր գործերը ցուցադրել նաեւ Երեւանի եւ Պէյրութի մէջ:

Հոս տեղին է գնահատանքով յիշատակել իր տեսակին մէջ իւրայատուկ անակնկալ մը: Կազմակերպութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարութեան Եւրոպայի բաժնի վարիչ Հրաչեայ Ասլանեանին,  Մարսէյէն յիսուն հոգիէ բաղկացած հայկական պատուիրակութիւն մը ժամանեց Մոնաքօ` յատկապէս այցելելու համար հայկական տաղաւարները: Անոնք: գլխաւորութեամբ Մարսէյի փոխ-քաղաքապետ Տիտիէ Բարակեանի, մէկ կողմէ ըմբոշխնեցին հայ կերպարուեստի տարբեր երեսները եւ, միւս կողմէ գնահատեցին եւ արժեւորեցին հայ ցուցասրահներու տարած մշակութանուէր միջազգային աշխատանքները` թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով:

Այսպիսով, հայ կերպարուեստը կը շարունակէ տարածուիլ եւ գնահատուիլ միջազգային արուեստասէրներու կողմէ` միաժամանակ նպաստելով Հայ դատին եւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի վարկին:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )